ԼՈՒԻՍ ՄՈՐԵՆՕ ՕՔԱՄՓՕ ԿԸ ՅՈՐԴՈՐԷ ՅԱՐԱՏԵՒԵԼ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՄԷՋ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ, Ուրբաթ, 19 Ապրիլի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ, Միջազգային Քրէական Դատարանի առաջին դատախազը՝ դոկտ. Լուիս Մորէնօ Օքամփօ, դասախօսեց լիբանանահայ կազմակերպութիւններու, կրթական ու ընկերային միութիւններու, կուսակցական եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներու ներկայութեան։ Դասախօսուոթեան նիւթն էր՝ «Ցեղասպանութեան հռչակագրի հռչակումէն 75 տարի ետք, ինչո՞ւ աշխարհը չի յաջողիր հռչակագրի հրամայականներուն պատասխանել»։
Բարի գալստեան խօսքը արտասանեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան անդամ Ռիթա Մելեքեան, իսկ բացման խօսքով հանդէս եկաւ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամ եւ Պէյրութի Ամերիկեան ու Լիբանանի պետական համալսարաններուն մէջ քաղաքական գիտութեան եւ միջազգային օրէնքի դասախօս։ Ան համապարփակ ակնարկ մը նետեց միջազգային օրէնքին մէջ ցեղասպանութեան հռչակագրի որդեգրումին եւ անոր յաջորդող քայլերուն՝ ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու եւ ցեղասպաններ հաշուետուութեան կանչելու։
Դոկտ. Մորէնօ Օքամփօ, շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Մայրավանք գտնուելու հրաւէրին համար, երեք կենդանի օրինակներով ընդգծեց հայու տիպարին պայքարող գիծը եւ քաջալերեց այս ոգին վառ պահել՝ ներկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար։ Առաջին հերթին, ան խօսեցաւ Գալիֆորնիոյ Գերագոյն Ատեանի դատախազ, նախկին լիբանանահայ Կասիա Աբգարեանի մասին, անդրադառնալով օր մը առաջ Միջազգային Քրէական Դատարանին մէջ Ատրպէյճանի կատարած ցեղասպանութեան գծով քննութիւն բանալու հայցին։ Ան ըսաւ, թէ Աբգարեան ո՛չ միայն փաստեր ներկայացուցած է Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան՝ Արցախի վերջին պատերազմէն մինչեւ Արցախի պարպումին տանող ժամանակաշրջանին վերաբերեալ, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայիս սպառնացող ցեղասպանութեան առնչուած։ Խօսելով ցեղասպանութիւն կատարելու մտադրութեան ապացոյցներու մասին, Օքամփօ ներկայացուց Ատրպէյճանի մենատէր Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին թէ՛ յայտարարութիւնները եւ թէ՛ քայլերը, զորս Աբգարեան օգտագործած է իր փաստաթուղթերուն մէջ։ Ալիեւի 2023-ին Արցախի դէմ կատարածը արդէն իսկ տարիներ առաջ, օրինակ՝ 2015-ին, տարբեր յայտարարութիւններով կատարելու մտադրութիւն ցուցաբերած է, իսկ ներկայիս, նոյն քաղաքականութեամբ ահ ու սարսափի կ՚ընթարկէ Հայաստանի քաղաքացիները, ըսաւ ան։
Օքամփոյի ներկայացուցած հայու երկրորդ տիպարը արցախցի հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Արտակ Բէգլարեանն էր՝ Արցախի հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան եւ Արցախի նախագահի աշխատակազմի նախկին ղեկավար։ Ան ըսաւ, թէ հակառակ Արցախի առաջին պատերազմին իր հայրը եւ ականի պայթումի հետեւանքով փոքր տարիքէն իր տեսողութիւնը կորսնցուցած ըլլալուն, իսկ աւելի ուշ՝ մայրը կորսնցուցած ըլլալուն, Բէգլարեան չէ ընկրկած, այլ ուսման հետեւած է Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ ու վերադարձած Արցախ՝ ծառայելու համար իր ազգին։ Օքամփօ դիտել տուաւ, որ միայն ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ մը կրնայ հասկնալ ցեղասպանութեան հետեւանքները, եւ իրենց ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանելու համար Արցախէն բռնի տեղահանուած արցախցիները ամէն իրաւունք ունին Արցախ վերադառնալու եւ միջազգային ապահովութեան երաշխիքով ապրելու պահանջ բարձրացնելու։
Վերջապէս, Օքամփօ խօսեցաւ Ցեղասպանութեան վերապրողի զաւակ, արժանթինահայ Լեւոն Գարլոս Արսլանեանի մասին, որ իրաւաբան եղած է եւ տարիներ ետք դարձած է Արժանթինի դաշնակցային պատժական դատարանի անդամ, որ 1985-ին դատած ու դատապարտած է 1976-1983-ի Արժանթինի զինուորական մենատիրական կառավարութիւններու պետերը։ Նոյն այս դատին, Մորենօ Օքամփօ փոխդատախազ եղած է։
Օքամփօ նաեւ անդրադարձաւ ցեղասպանութեան հռչակագրի սահմանափակումներուն եւ Միջազգային Քրէական Դատարանի դատախազութեան օրերուն իր գործունէութեան, ընդգծելով, որ համաշխարհային միասնականութիւնը կարեւոր է պայքարելու համաշխարհային մեծ պետութիւններու քաղաքականութեան դէմ։ Վերջապէս, ան խօսեցաւ Արցախի հարցին հանդէպ իր հետաքրքրութեան եւ այս ուղղութեամբ իր տարած աշխատանքներուն մասին։
Հուսկ, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր եզրափակիչ օրհնութեան խօսքը ուղղեց ներկաներուն Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Ողջունելէ ետք Օքամփոյին ներկայութիւնը, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ մարդկութեան դէմ ոճիրի կանխարգիլումը պէտք է սկսի ազգային գետնի վրայ, իսկ ցեղասպանութեան եղելութեան դիմաց լռողները եւս հարկ է պատժամիջոցներու ենթարկել։ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ նաեւ, որ միջազգային ընտանիքը իրաւական գործընթացի կողքին պէտք է քաղաքական կամք պարտադրէ իր հաշուեյարդարին մէջ եւ ընդգծեց համաշխարհային կառավարման նոր մեթոտի մը ստեղծման անհրաժեշտութիւնը։
Իր խօսքի աւարտին, բարձր գնահատելով դոկտ. Լուիս Մորէնօ Օքամփոյի հայանպաստ աշխատանքը եւ հայ դատի պահանջատիրական պայքարին մէջ անոր ունեցած ներդրումը, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի Կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց զինք։