Featured, Առաջնորդարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԻՇԻԿԸՆԻ ՄԷՋ

16-18 Մայիսին տեղի ունեցաւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը՝ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) յարկէն ներս, հոգեւոր հովիւի եւ հոգաբարձութեան հիւրընկալութեամբ եւ կազմակերպութեամբ։ 15 Մայիսին, տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց համագումարը։

Հիէնգշաբթի, 16 Մայիսի բացման նիստին, ժողովականները ունկնդրեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը, ինչպէս եւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առողջական պատճառներով բացակայ ըլլալով, իր խօսքը կարդաց առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, որ նաեւ նախագահեց ժողովին։ Ողջոյնի խօսք արտասանեցին՝ յանուն էջմիածնական Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսմեանի՝ Հոգշ. Տ. Արէն Վրդ. Ճէպէճեան (Տիթրոյթի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ), «Հայրենիք» հաստատութեան՝ Սթիվ Մեսրոպեան, եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան՝ տիկ. Սիրվարդ Թէլպէլեան։ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, ներկայացուց Ազգ. Վարչութեան տեղեկագիրը, որ կ՚ընդգրկէր նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի տարբեր բաժանմունքներու զեկոյցները։ Ժողովի ատենապետութիւնը վարեցին Բարշ. Յակոբ Ա. Սրկ. Խաչատուրեան եւ փաստաբան Մովսէս Շրիգեան, իսկ ատենադպրութիւնը կատարեցին Էնտրիւ Ասատուրեան (անգլերէն) եւ Արեւիկ Գաբրիէլեան (հայերէն)։ Ժողովին զուգընթաց տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութիւններու Ընկերակցութեան  ընդհանուր ժողովը։ «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան տնօրէն՝ Տիգրան Գալստեան, ներկայացուց անոր գործունէութեան ամփոփ պատկերը, իսկ փաստաբան Գառնիկ Քրքոնեան՝ Երուսաղէմի հայութեան ներկայ իրավիճակը։ Երեկոյեան, յատուկ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ, որուն հետեւեցաւ ընկերական ընթրիք մը։

Ուրբաթ, 17 Մայիսին, Ազգային Վարչութեան տեղեկագրի մասին հարց ու պատասխանէն եւ անոր վաւերացումէն ետք, ժողովականները յանձնախումբերու բաժնուեցան, որոնք քննարկեցին կանոնագրային փոփոխութիւններ, Առաջնորդարանի պիւտճէի նախագիծը, ծուխերու անդամավճարներու վերանայումը եւ ռազմավարական ծրագրումի հարցեր։ Յետմիջօրէին, լիագումար նիստին ներկայացուեցան բանաձեւերու նախագիծերը։ Երեկոյեան տեղի ունեցաւ տարեկան ճաշկերոյթը, որուն պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ։

Ժողովը եզրափակուեցաւ Շաբաթ, 18 Մայիսին, բանաձեւերու քուէարկութեամբ եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու անդամներու եւ Ազգային Ընդհանուր Ժողովի երեսփոխաններու ընտրութեամբ։

Չորեքշաբթի,  21 Մայիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութիւններու  վաւերացումը ստանալէ ետք, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու առաջին գումարումներուն։

Առցանց ժողովի ընթացքին, Կրօնական Ժողովը ատենապետ ընտրեց Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեանը՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, եւ ատենապդիր՝ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեանը՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) հոգեւոր հովիւ։ Կրօնական Ժողովի միւս անդամներն են՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա), Արժպ. Տ. Միքայէլ Տէր Խոսրովեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս), եւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք)։

Ազգային Վարչութիւնը լման կազմով վերընտրեց դիւանը՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան (ատենապետ), Ռիչըրտ Քանարեան (փոխատենապետ), Թամար Քանարեան (ատենադպիր) եւ Ռաֆֆի Ուրլեան (գանձապահ)։ Խորհրդականներն են՝ Հուրի Տաղլեան, Ճոն Գըլընճեան, Արամ Յովակիմեան, դատաւոր Քրիսթա Յարութիւնեան եւ Բարշ. Յակոբ Ա. Սրկ. Խաչատուրեան։