Առաջնորդարանէն

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ՝ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽՕՐԷԻՆ

Չորեքշաբթի, 15 Մայիսի միջօրէին, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիկոպոսի, եւ նախագահութեամբ առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի, բացումը կատարուեցաւ Թեմիս հոգեւորականաց համագումարին՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տիրպորն, Միշիկըն)։ Բացման աղօթքէն ետք, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան, բարի գալուստ մաղթեց բոլոր հոգեւորականներուն, մաղթելով հեզասահ եւ արդիւնաբեր հաւաք։ Առաջնորդական փոխանորդի փափաքով աղօթք կատարուեցաւ Թեմիս Առաջնորդ Անուշաւան Սրբազանի առողջութեան եւ շուտափոյթ ապաքինման համար։ Այնուհետւ, տեղի ունեցաւ դիւանի ընտրութիւն։ Ատենապետ ընտրուեցաւ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան, իսկ ատենադպիր՝ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան։ Ատենապետ՝ Տ. Նարեկի առաջարկով, տեղի ունեցաւ հոգեւորական պատգամաւորներու ընտրութիւն։ Ընտրուեցան հետեւեալ հոգեւորականները. Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան, Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան, Արժպ. Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեան եւ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան։

Օրուան դասախօս հրաւիրուած էր Ռընիա Քուայըր, որ խօսեցաւ «Ծաղկիլ՝ վերապրելու փոխարէն» (“Thriving vs. Surviving”) նիւթին շուրջ։ Երկու մասերէ բաղկացած դասախօսութիւնը առիթ եղաւ, որ ներկաները նոր գաղափարներով հարստացնեն իրենց գիտելիքները, ինչպէս նաեւ միտքերու փոխանակում կատարեն։

Դասախօսութենէն ետք, հովուական կեանքի փորձառութիւններու եւ հարցերու քննարում տեղի ունեցաւ հոգեւորականներու միջեւ։

Աւարտին, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որմէ ետք Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան կատարեց օրուան խորհրդածութիւնը։