ԷՐԻՔ ԱՏԱՄԶ՝ «ՃՇՄԱՐԻՏ ԲԱՐԵԿԱՄ» ՑԵՂԱՍՊԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԸ
Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Ատամզի դէմ յարուցուած դաշնակցային մեղադրանքը ի յայտ կը բերէ ո՛չ միայն շարք մը ապօրինի գործարքներ թրքական կառավարութեան պաշտօնատարներու հետ, այլ նաեւ ցոյց կու տայ հակահայ ընթացք որդեգրելու անոր մտահոգիչ պատրաստակամութիւնը, օտար՝ էապէս ցեղասպան պետութեան մը դիմումին վրայ։ Դատախազները կը պնդեն, որ 2022-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցէն օրեր առաջ, Ատամզ վստահեցուցած է թուրք աւագ պաշտօնատարի մը, որ պիտի խուսափի ցեղասպանութիւնը ճանչցող որեւէ յայտարարութիւն ընելէ։ Այդ օր, մինչ մենք կանգ կ՚առնէինք մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու բնաջնջումը ոգեկոչելու, Նիւ Եորքի քաղաքապետը յատկանշական լռութիւն պահած է։
Ատամզի մեղսակցութիւնը յստակ է. փոխան թրքական ճոխ նուէրներու, շքեղ հիւրանոցային կեցութիւններու եւ ընտրարշաւի նուիրատուութիւններու, ան թրքական ազդեցութիւնը աւելի առաջնահերթ նկատած է, քան բարոյական եւ պատմական ճշմարտութիւնը։ Ամբաստանագիրը կը մանրամասնէ, թէ ինչպէ՛ս Ատամզ ստացած է աւելի քան 100.000 տոլարի արժողութեամբ պանդոկի կեցութեան շքեղ պայմաններ, բարձր կարգի օդանաւի տոմսակներ եւ ապօրինի օտար նուիրատուութիւններ իր ընտրարշաւին, եւ օգնութիւն բերած է Թուրքիոյ, որ իր քաղաքական ազդեցութիւնը գործադրէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, անտեսելով ամերիկեան շահերը եւ ամերիկահայ համայնքի երկարամեայ կոչերը ցեղասպանութեան ճանաչման համար։
Ըստ ամբաստանագրին, Թուրքիոյ հետ Ատամզի յարաբերութիւնը կը սկսի նիւեորքեան Պրուքլին թաղամասի անոր նախագահութեան օրերէն եւ շարունակուած է քաղաքապետական ընտրարշաւի ժամանակ։ Երբ թուրք դիւանագէտներ ճնշում բանեցուցած են անոր վրայ, որպէսզի Նիւ Եորքի թրքական նոր հիւպատոսարանի շինարարութիւնը ամբողջանայ նախագահ Էրտողանի այցելութենէն առաջ, Ատամզ դիմած կ՚ըլլայ Նիւ Եորքի հրշէջներու բաժանմունքին, յորդորելով սովորական ապահովութեան կանոնակարգի շրջանցումը, ինչ որ ի գործ դրուած է։ Ասիկա ցոյց կու տայ անոր կամեցողութիւնը իր ազդեցութիւնը օգտագործելու ի նպաստ Թուրքիոյ կառավարութեան, ներառեալ դիւանագէտ մը, որ դեր խաղացած է Հայոց Ցեղաապանութեան ամէն ճանաչում ի չիք դարձնելու փորձին մէջ։
Նշանակալից երեւոյթ մըն է, որ ՆԱԹՕ-ի երկրորդ մեծագոյն բանակով յոխորտացող երկիր մը, որ լայնօրէն ցոյց տուած է բռնի ոյժ կիրարկելու իր անսահման ընդունակութիւնը, աւելի քան դար մը ետք տակաւին կը շարունակէ բուռն կերպով ընդդիմանալ իր անցեալին հետ որեւէ հաշտութեան։ Թուրքիոյ ամբողջ զինանոցը բաւարար չէ զայն պաշտպանելու ճշմարտութեան իւրօրինակ զօրութենէն։ Անպատիժ մնացած ու փոխարէնը լայն փոխհատուցման արժանացած ցեղասպանական վարքագծի իր ամբողջ պատմութեան հակառակ, Թուրքիոյ վախը կը մղէ վիճարկելու քաղաքապետական յայտարարութիւն մը Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին։ Կը նշանակէ, որ մենք՝ հայերս, եւ բոլոր մեր զօրակիցները կը գտնուինք ճիշդ ուղիի վրայ եւ պէտք է շարունակենք պայքարիլ ի խնդիր արդարութեան։
Քաղաքապետ Ատամզի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քաղաքական սխալ քայլէ մը շատ աւելի է. դաւաճանութիւն մըն է այն քաղաքին, ուր կը պաշտօնավարէ, եւ անոր այլազան համայնքներուն։ Լռութիւն պահելով մարդկութեան դէմ ոճիրի մը հանդէպ, Ատամզ ցոյց տուած է, որ բարիքներու եւ քաղաքական նուիրատուութիւններու քօղին տակ, օտար ազդեցութիւնը նոյնիսկ Նիւ Եորքի բարձրագոյն պաշտօնատարը կրնայ ընկլուզել իր ցանցին մէջ։ Մինչ Ատամզի գործարքներուն հետախուզութիւնը շարունակելի է, Նիւ Եորքի բնակիչներն ու քաղաքի հայերը դէմ յանդիման կը գտնուին այն անհանգստացնող իրականութեան, որ քաղաքապետը հարցականի տակ դրած է իր պաշտօնը՝ յօգուտ ցեղասպան Թուրքիոյ եւ ի վնաս արդարութեան եւ պատմութեան ամենամութ դրուագներու յիշողութեան։