Տօներ

ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՕՐ

Բուն Բարեկենդանը կը նշէ Մեծ Պահքի շրջանը, սակայն պահեցողութիւնը կը սկսի Երկուշաբթի, 3 Մարտին։ Մեծ Պահքը եկեղեցական տօնացոյցի պահքի ամենէն երկար շրջանն է, որ կը տեւէ 40 օր, մինչեւ Ղազարի յարութեան տօնը, որ Ծաղկազարդի նախորդող Շաբաթ օրն է, որուն կը յաջորդէ Աւագ Շաբաթը։