Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (մահ՝ 27 Փետրուար, 2020)

Սամուէլ Կարապետեան երկար տասնամեակներու վաստակ ունեցած է իբրեւ յուշարձանագէտ եւ բանահաւաք, որ Հայաստանի, Արցախի եւ շրջակայ երկիրներու հայկական յուշարձաններու յայտնաբերման, ծանօթացման եւ պաշտպանման համար մեծ աշխատանք կատարած է։

Ծնած է 30 Յուլիս, 1961-ին, Երեւանի մէջ, ուր 1978-ին աւարտած է Միսաք Մանուշեանի անուան թիւ 48 դպրոցը։ Նոյն տարիէն սկսեալ լուսանկարած, չափած եւ նկարագրած է հայկական հազարաւոր յուշարձաններ պատմական Հայաստանի տարածքին, դառնալով հարիւրաւոր յուշարձաններու առաջին լուսանկարիչը, չափագրողը եւ յայտնաբերողը եւ հազարաւոր վիմագրերու առաջին ընթերցողն ու հրատարակիչը։ Հրատարակած է հարիւրաւոր յօդուածներ ու բազմատասնեակ գիրքեր։ 1991-2020-ին Հայկական Ճարտարապետութիւն Ուսումնասիրող Հիմնադրամի (Research on Armenian Architecture) երեւանեան գրասենեակի ղեկավարը եղած է։

1978-2019ին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ Կարապետեան չափագրած է աւելի քան 50 յուշարձան եւ լուսանկարած՝ մօտ 22.000 պատկեր, իսկ Արցախի մէջ չափագրած է աւելի քան 200 յուշարձան եւ լուսանկարած՝ մօտ 24.000 պատկեր։ Արցախի մէջ մեծածաւալ աշխատանք կատարած է Մարտակերտի, Ասկերանի, Մարտունիի, Հադրութի, Շուշիի, Շահումեանի եւ Քաշաթաղի շրջաններուն մէջ։ Ան ուսումնասիրած է ո՛չ միայն բնակավայրերուն ու յարակից տարածքներուն մէջ գտնուող յուշարձանները, այլեւ անոնցմէ հեռու լեռներուն եւ անտառներուն մէջ գտնուող ու երբեք չուսումնասիրուած բերդերը, կամուրջները, վանքերը, եկեղեցիները, մատուռները, գերեզմաններն ու խաչքարերը։ Իր հետազօտութիւններուն զուգահեռ ան իրականացուցած է նաեւ բանահաւաքչութիւն եւ տեղացիներէն հաւաքած է աւելի քան 4.000 մանրատեղանուն։

1988-2015ին Վրաստանի մէջ չափագրած է աւելի քան 130 յուշարձան եւ լուսանկարած՝ մօտ 20.000 պատկեր։ Ատրպէյճանի ու Վրաստանի մէջ կատարած իր աշխատանքին պատճառով, ինչպէս եւ հայկական յուշարձաններու պաշտպանութեան ի խնդիր հնչեցուցած ահազանգերուն համար անոր մուտքը արգիլուած է այդ երկիրներուն կողմէ։

Սամուէլ Կարապետեան հեղինակած է տարբեր երկիրներ գտնուող հայկական պատմա-մշակութային յուշարձաններու մասին գիտական գիրքեր եւ այլ աշխատութիւններ, ինչպէս

«Գետաշէն» (1992), «Ջաւախքի խաչքարերը» (1995), «Բուն Աղուանքի հայերէն վիմագրերը» (1997), «Վրաց պետական քաղաքականութիւնը եւ հայ մշակոյթի յուշարձանները» (1998), «Հայ մշակոյթի յուշարձանները Խորհրդային Ադրբեջանին բռնակցուած շրջաններում» (1999), «Շուլաւէր» (2002, Սանդուխտ Ասլանեանի համահեղինակութեամբ), «Թիֆլիսի քաղաքագլուխները» (2003), «Հիւսիսային Արցախ» (2004), «Կովկասեան թանգարանի հայկական հաւաքածուն» (2004), «Հայերը Կախէթում» (2004), «Ջաւախք» (2006), «Ախալցխա» (2008), «Արցախի կամուրջները» (2009), «Արցախի հրաշալիքները» (2010), «Յուշագրական ժառանգութիւն» (2011), «Անի 2050» (2011), «Հայոց ձոր» (2015), «Եղեռն՝ եղեռնից յետոյ» (2015, հատոր Ա.), «Ադրբեջանը քաղաքակրթութիւնից դուրս» (2017), «Սալմաստ» (2017), «Խոջիվանք» (2019), եւ այլն։

Իր երկարամեայ գիտական գործունէութեան համար, Սամուէլ Կարապետեան  արժանացած է տասնեակ մրցանակներու եւ գնահատանքներու, որոնց շարքին՝ Արցախի Հանրապետութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան (2001), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիր (2003), Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մրցանակ (2006), Ազգային Ժողովի պատուոյ մետալ (2008),¨Պաշտպանութեան նախարարութեան «Դրաստամատ Կանայեան» մետալ (2010), Մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ մետալ (2012) 2020 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ յետմահու արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» մետալին։