ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 28 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի այցելութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու յարգելի հիւրը հետաքրքրական խօսակցութիւն մը ունեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ լիբանանահայութեան մասին։
Վեր. Հայտոսթեան “Crossroads”ին յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՚այցելէ դասախօսելու Գոլումպիա համալսարանին մէջ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ներկայ դերակատարութեան մասին, ինչ որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 3 Մարտին։ Ան նաեւ Հայ Օգնութեան «Նորեան» երիտասարդական ծրագրի բանախօսներէն մէկը պիտի ըլլայ, եւ ներկայ պիտի գտնուի Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կազմակերպած՝ «Հայկազեան» համալսարանի 70ամեակին նուիրուած տօնախմբութեան մը։
Վեր. Հայտոսթեան, անդրադառնալով Լիբանանի եւ ի մասնաւորի լիբանանահայութեան վիճակին, նշեց, թէ Միջին Արեւելքի լարուած վիճակը այժմ անցումային շրջան մը կը բոլորէ, եւ դժուար է կանխատեսել քաղաքական ապագան. «Լիբանանի մէջ, ներկայիս յոյս կայ, որ կը շարժինք դէպի աւելի ուժեղ կեդրոնական կառավարութիւն մը եւ երկրի նիւթական, տնտեսական եւ ընկերային վերակառուցումը։ Rev. Haidostian sat down with “Crossroads” for a brief interview: Վերջերս տեղի ունեցած նախագահի ընտրութիւնը նոր թափ տուած է երկրին, բայց անշուշտ մարտահրաւէրները բազմապիսի են։ Հայ համայնքը կը շարունակէ պահպանել իր էական հաստատութիւննրը, եւ կը փորձենք մեր համայնքը պահել այնքան կայուն, որքան կարելի է»։
Համալսարանի կացութեան մասին, Վեր. Հայտոսթեան յայտնեց, թէ Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն պատերազմական սարսափի օրերուն, ժողովուրդը, ինչպէս եւ համալսարանը, բազմապիսի տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւած են. «Ստիպուեցանք յաւելեալ դրամահաւաք կատարել կրթաթոշակներու համար եւ ջանացինք ամէն ինչ հաւասարակշիռ պահել։ Երախտապարտ ենք, որ համալսարանը շարունակած է խաղաղ ընթացք մը պահել կարելի բոլոր ձեւերով»։
Մեր հիւրը յայտնեց, թէ պատերազմի ամիսներուն գաղթալիք մը արձանագրուած էր, բայց բազմաթիւ ուսանողներ վերադարձած էին։ Միակ հարցը ուսուցչական կազմի կարգ մը անդամներու հետ էր, որ կարճ ժամանակով ճամբորդած էր։ «Առհասարակ, պիտի շարունակենք դրական ազդեցութիւն գործել ընկերութեան վրայ», աւելցուց, «եւ ցոյց տալ, որ լիբանանահայ համայնքը ազգային կառուցման նպատակ ունի»։