Առաջնորդարանէն

ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ՎԵՐՋ ԳՏԱՒ

Չորեքշաբթի, 26 Փետրուարին, Ազգային Առաջնորդարանը աւարտեց մկրտութեան ու կնունքին նուիրուած ու վեց մասերէ բաղկացած առցանց դասընթացքը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 70 հոգի։ Դասընթացքը վարեց Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմուքի վարիչ՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան։

Վեց շաբաթներու ընթացքին, Շանթ Ա. Սրկ. մասնակիցներուն բացատրեց մկրտութեան ու կնունքի արարողութիւնը, վեր հանելով անոր ծիսական շարժումներն ու խորհրդաշնական տարրերը։ Ան ներկայացուց պատմական ու աստուածաբանական մեկնաբանութիւն մը, շեշտը դնելով թէ՛ Աստուածաշունչի ընթերցուող հատուածներուն ըստ հին հայկական աւանդութեան եւ թէ՛ անոնց, որոնց արձագանգը կ՚ըլլայ արարողութեան ընթացքին։