Մեր ծուխերէն

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ԵՒ ՈՒՍՏԸՐԻ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ

Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլին, Ուստըրի (Մէսէչուսէթս) Ս. Երրորդութիւն, Ս. Փրկիչ եւ Նահատակաց եկեղեցիներու անդամներ միացան Ուաթընզվիլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխականներուն ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքը գտնուող խաչքարէն, հոգեւորականները գլխաւորեցին հաւատացեալներու թափօրը դէպի եկեղեցին։

Աղօթքէն ետք, Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, յուզիչ պատգամ մը տուսւ։ «Տէր Ողորմեա»-յի երգեցողութենէն ետք, տեղի ունեցւ հիւրասիրութիւն մը եկեղեցւոյ սրահին մէջ, որ պատրաստուած էր Ուստըրի եւ Ուայթընզվիլի համայնքներու տիկնանց միութիւններուն կողմէ։