ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԵՒ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՊԱՊԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի ներկայացնեն Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ նորընտիր Պապի՝ Լեւոն ԺԴ.ի գահակալութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 18 Մայիսին, Վատիկանի մէջ։