ՆԻԿԻՈՅ Ա. ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ 1700-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ

Միջին Արեւելքի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, Ն.Ա.Տ. Թաուատրոս Բ. Պատրիարքի եւ Ն.Ա.Տ. Աֆրամ Բ. Պատրիարքի հանդիսապետութեամբ, Շաբաթ եւ Կիրակի, 17 եւ 18 Մայիսին, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Գահիրէի Պատրիարքարանին եւ Սուրբ Մարկոս Մայր Տաճարին մէջ տօնախմբուեցաւ Նիկիոյ Ա. Տիեզերական Ժողովին 1700 ամեակը։
Սոյն տօնակատարութիւնը ընդգրկեց Հայ Եկեղեցւոյ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Ղպտի Եկեղեցւոյ եւ Ասորի Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու ժողովական հանդիպում, սուրբ համապատարագի մատուցում եւ հոգեւոր համերգ՝ երեք հոգեւոր պետերու նախագահութեամբ։
Արամ Ա. Կաթողիկոս այս երեք առիթներով լուսարձակի տակ բերաւ Նիկիոյ Ա. Տիեզերական Ժողովին պատմական կարեւորութիւնը եւ ընդգծեց, թէ ան հիմքը կը կազմէ ուղղափառ քրիստոնէութեան, որուն պերճախօս արտայայտութիւնն է Նիկիական Հանգանակին արտասանութիւնը բոլոր Եկեղեցիներուն մէջ։
Նիկիոյ Ա. Տիեզերական Ժողովի 1700-ամեակի նշումին մասնակցեցան Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեան, Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեան, Գերշ. Տ. Պետրոս Եպս. Մանուէլեան, Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։