ՔԱՐԹՈԶԵԱՆ ԴԱՏԱՎՃԻՌԸ (28 Յուլիս, 1925)

Հարիւր տարի առաջ, «Միացեալ Նահանգներ ընդդէմ Թադոս Ոսկիհան Քարթոզեան» դատը վերջ կը գտնէր թէ՛ պաշտպանեալի եւ թէ՛ ամերիկահայութեան յաղթանակով։
19-րդ դարու վերջին քառորդին, ամերիկեան հանրութեան կարեւոր շերտ մը ձեռնարկած է օտարատեաց եւ ցեղապաշտ շարժումի մը գաղթականութեան դէմ։ Չինական գաղթականութեան արգելքէն ետք (1882), 1890-1900-ական թուականներուն բուռն ու նախատալից ընդդիմութիւն մը արձանագրուած է արեւելեան ու հարաւ-արեւելեան Եւրոպայէն ու արեւմտեան Ասիայէն եկող զանգուածային գաղթականութեան դէմ, որուն մաս կը կազմէին հայերը։ Դեկտեմբեր 1909-ին, չորս հայեր դատի կանգնած են Պոսթընի դաշնակցային դատարանին մէջ, փաստելու համար, որ սպիտակ ցեղին կը պատկանին եւ ամերիկեան քաղաքացի ըլլալու իրաւունք ունին։ 1914-ի Գալիֆորնիոյ օտարականներու հողային օրէնքը արգիլած է, որ ճափոնցիներ եւ հնդիկներ հողամասերու սեփականատէր ըլլան նահանգին մէջ։
Ա. Աշխարհամարտէն ետք, այս ընդդիմութիւնը շարունակուած է՝ գաղթականութիւնը օրէնքով սահմանափակելու հետզհետէ աճող կոչերով։ 1920-ական թուականներուն հանրապետական կուսակցութիւնը իշխանութեան երեք ճիւղերու վերահսկողութիւնը իր ձեռքը անցուցած է։ Ասիկա պատճառ դարձած է 1921-ի (առժամեայ) եւ 1924-ի «քոթա»յի օրէնքներուն։ 1924-ի օրէնքը, որ անցած է Գոնկրէսի ճնշող մեծամասնութեամբ եւ նախագահ Գալվին Գուլիճի կողմէ ստորագրուած է Մայիս 1924-ի վերջերուն, գաղթականութեան թիւի խիստ սահմանափակումներ դրած է իւրաքանչիւր երկրի համար, բացայայտ նախասիրութիւն հաստատելով հիւսիս-արեւմտեան Եւրոպայի (Մեծն Բրիտանիա եւ Սկանտիւնաւիա) գաղթականներու հանդէպ։ Ցեղային հիմքերով այս օրէնքը ի զօրու մնացած է մինչեւ 1965։ Այս պատճառով, հայերու ներգաղթը Ամերիկայի նուազագոյնի իջած է չորս տասնամեակներու ընթացքին։
Միաժամանակ, աշխատանքի նախարարութիւնը, որուն ծիրին մէջ կը գործէր գաղթականութեան գրասենեակը, փորձադատերու շարք մը կազմակերպած է, ճշդելու համար կարգ մը ազգութիւններու պատկանելիութիւնը սպիտակ ցեղին, որ ամերիկեան հպատակութիւն ստանալու նախադրեալն էր։ Այն ազգութիւնները, որոնք ընդունուած չէին իբրեւ «ազատ սպիտակ անձեր», ըստ 1790-ի քաղաքացիութեան օրէնքին, երկրորդ կարգի բնակիչ կը դառնային, ամերիկեան հպատակութենէ զուրկ։
Ճափոնացի (Թաքէօ Օզաւա) եւ հնդիկ (Պհակաթ Սինկհ Թհինտ) անձերու դէմ յարուցուած ու տարիներ տեւած դատերը հասած են մինչեւ ԱՄՆ-ի Գերագոյն Դատարան, որ յաջորդաբար Նոյեմբեր 1922-ին եւ Փետրուար 1923-ին վճռած է, որ երկու անձերը իրաւասու չէին ամերիկեան քաղաքացիութեան՝ սպիտակ ցեղին չպատկանելու պատճառով։ Այս որոշումը կը տարածուէր ընդհանրապէս Ամերիկա ապրող բոլոր ճափոնացիներուն եւ հնդիկներուն վրայ։
Աշխատանքի նախարարութեան ռազմավարութիւնը այնուհետեւ կիրարկուած է հայերուն դէմ։ Փորթլընտ (Օրէկըն) բնակող գորգավաճառ Թադոս Քարթոզեան դիմած ու ստացած էր ամերիկեան քաղաքացիութիւն Մայիս 1923-ին, բայց ԱՄՆ-ի շրջանային դատախազը՝ ըստ նախարարութեան հրահանգին, խնդրոյ առարկայ դարձուցած է անոր հպատակութիւնը, պնդելով, որ ան սպիտակ ցեղին չի պատկանիր։ Դատը տեղի ունեցած է 8 եւ 9 Մայիս 1924-ին, Փորթլընտի մէջ, այն հասկացողութեամբ, որ, անկախաբար արդիւնքէնռ վճռաբեկ ատեան պիտի հասնէր, իսկ այնուհետեւ՝ Գերագոյն Դատարան։
Ամերիկահայ համայնքը հասկցած է, որ փորձադատը ամբողջ ամերիկահայութեան առնչուած էր։ Պոսթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած յանձնախումբ մը ներգրաւած է Նիւ Եորքի եւ Փորթլընտի լաւագոյն փաստաբանները, ինչպէս եւ երկրի լաւագոյն մարդաբանները, եւ վկաներու տպաւորիչ շարք մը ներկայացուած է փաստելու համար, որ հայերը ո՛չ միայն սպիտակ ցեղին կը պատկանին, այլեւ դիւրութեամբ կը համարկուին եւրոպական ժողովուրդներու հետ։
Դատաւոր Չարլզ Ուոլվըրթընի 28 Յուլիս, 1925-ի դատավճիռը արձանագրած է ամերիկեան կառավարութեան ջախջախիչ պարտութիւնը։ Դաշնակցային կառավարութիւնը որոշած է հրաժարիլ իր ծրագրէն՝ դատը տանելու Գերագոյն Դատարան, քանի որ նպաստաւոր որոշում մը ձեռք բերելու հնարաւորութիւնները չնչին նկատուած են։
Ըստ ամերիկացի նշանաւոր արձակագիր Մարք Թուէյնի մէկ յայտնի խօսքին՝ «պատմութիւնը չի կրկնուիր, բայց յաճախ կը յանգաւորուի»։