Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՆԱՅԻՍ (մահ՝ 4 Օգոստոս, 1950)

Անայիս արեւմտահայ կանացի գրականութեան մէջ նուազ յայտնի անուններէն մէկն է։

Բուն անունով՝ Եւփիմէ Աւետիսեան, ծնած է Պոլիս, 20 Փետրուար, 1872-ին։ Ընտանիքը կը պատկանէր Ակնէն Պոլիս գաղթած Չօպանեան (Հովուեան) յայտնի գերդաստանի ճիւղաւորումներէն մէկուն, զինք դարձնելով Արշակ Չօպանեանի մէկ ազգականը։

Կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Մաքրուհեաց վարժարանին մէջ։ Ապա սորված է ֆրանսացի գրագիտուհի՝ տիկ. Ֆուրիէի մասնաւոր դպրոցին մէջ։ Հայերէնը կատարելագործելու համար մասնաւոր դասեր ստացած է բանաստեղծներ Թովմաս Թէրզեանէն եւ Խորէն Նար-Պէյէն։ Անայիս գրչանունով առաջին բանաստեղծութիւնը լոյս ընծայած է 21 տարեկանին, Պոլսոյ «Մասիս» հանդէսին մէջ։ Այնուետեւ, արձակ եւ չափածոյ գործերով յաճախ աշխատակցած է մամուլին։

Համիտեան ջարդերէն ետք մեկնած է Զուիցերիա, իսկ Օսմանեան Սահմանադրութենէն ետք վերադարձած է Պոլիս, ուր կրկին աշխատակցած է մամուլին։ Ա. Աշխարհամարտէն ետք «Հայ կին» կնոջական հանդէսի գլխաւոր աշխատակիցներէն մէկը եղած է։ 1922 թուականին անցած է Փարիզ, ուր ապրած է մինչեւ կեանքին վերջը, շարունակելով աշխատակցիլ սփիւռքահայ մամուլին։

Անայիսի բանաստեղծութիւնները ամփոփուած են «Այգ եւ վերջալոյս» հաւաքածոյին մէջ (1942), իսկ մահէն ամիս մը առաջ լոյս տեսած են անոր արժէքաւոր յիշողութիւնները «Յուշերս» պարզ վերնագրով (1949)։

Մահացած է 4 Օգոստոս, 1950-ին, Փարիզի մէջ։