Տօներ

Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՇՈՂԱԿԱԹԻ ՏՕՆ

Շաբաթ, 16 Օգոստոսին, Ս. Էջմիածնի Շողակաթի տօնն է, որ միշտ տեղի կ՚ունենայ Վերափոխման տօնի նախորդ Շաբաթ օրը։ Շողակաթը կ՚ակնարկէ լոյսի ճառագայթներու տեսիլքին, որուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ականատես եղաւ, երբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի տեղը կ՚ընտրէր, Հռիփսիմեանց կոյսերէն Ս. Մարիանէի նահատակութեան վայրին վրայ։ Տօնը կը նշուի Վերափոխման ժամանակին որովհետեւ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը անունակոչուած է ի պատիւ Աստուածամօր, թէեւ տարիներու ընթացքին ծանօթ դարձած է Էջմիածին անունով։ Տօնին «Շողակաթ» մակդիրը կապուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տեսիլքին հետ, ըստ որուն ան տեսած է, թէ ինչպէս լոյսի շողեր կը կաթին երկինքէն։