News
ՆԻԿՈՂՈՍ ԹԱՀՄԻԶԵԱՆ (մահ՝ 30 Օգոստոս, 2011)
Նիկողոս Թահմիզեան 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ երաժշտագիտութեան ամենէն հեղինակաւոր անունը հանդիսացած է։
Ծնած է 9 Մայիս, 1926-ին, Աթէնքի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ այնուհետեւ ուսումնառութիւնը շարունակած է Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ։ Հակառակ այն իրողութեան, որ Լոնտոնի մէջ եօթնամեայ ուսման հետեւելու կրթաթոշակ ստացած էր, 1946-ին ընտանիքով ներգաղթած է Հայաստան։ Բաձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Երեւանի մէջ, յաջողութեամբ աւարտելով թէ՛ Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանը (1946-1950) եւ թէ՛ Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի երաժշտագիտական բաժինը (1950-1956)։ Աւարտական աշխատանքը, որ նուիրուած էր Յովհաննէս Երզնկացիի (13-րդ դար) երաժշտա-տեսական հարցերուն, արդէն վկայութիւն մըն էր անոր գիտական հետաքրքրութիւններուն ուղղութեան մասին։ Ան շարունակած է իր մասնագիտական կատարելագործումը Լենինկրատի (այժմ Ս. Փեթերսպուրկ) Ռիմսկի-Գորսաքովի անուան երաժշտանոցի յետաւարտական բաժնին մէջ։ 1962-ին պաշտպանած է իր առաջին դոկտորական (թեկնածուական) աւարտաճառը՝ «V-VIII դարերի հայկական երաժշտական մշակոյթը» նիւթով:
Վերադառնալով Հայաստան, Թահմիզեան աշխատանքի անցած է Երեւանի Մատենադարանը (1960-1990), խորանալով հայ միջնադարեան մասնագիտացուած երաժշտութեան պատմութեան, տեսութեան եւ գեղագիտութեան ասպարէզին մէջ: Երկար տարիներ դասաւանդած է Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ։ Անոր ուսումնասիրութիւններն ու մենագրութիւնները հիմնական դեր կատարած են հայ հոգեւոր երգարուեստի եւ ընդհանրապէս հայ երաժշտութեան ուսումնասիրութեան մէջ։ Անոնց շարքին պէտք է յիշել «Ներսէս Շնորհալին` երգահան եւ երաժիշտ» (1973) եւ «Գրիգոր Նարեկացին եւ հայ երաժշտութիւնը V-XV դարերում» (1985)։ Թահմիզեան Մոսկուայի մէջ պաշտպանած է երկրորդ դոկտորական աւարտաճառը, որ լոյս տեսած է ռուսերէնով՝ «Երաժշտական տեսութիւնը հին Հայաստանի մէջ» (1977)։ Այս աշխատութիւնը ամբողջ Խորհրդային Միութեան երաժշտագէտ-միջնադարագէտներու եւ արեւելագէտներու սեղանի գիրքը դարձած է։ Լեզուական հմտութիւնը իրեն թոյլ տուած է օգտուիլ բազմալեզու աղբիւրներէ։
Նիկողոս Թահմիզեանի գիտական հետաքրքրութիւններուն մէկ կարեւոր մասը կազմած են խազերու նուիրուած ուսումնասիրութիւնները, հիմնուելով միջնադարեան բազմաթիւ երաժշտական, ծիսական ու երգային մատեաններու եւ հաւաքածոներու մանրակրկիտ հետազօտութեան վրայ։ Ան ի մի բերած է իր ուսումնասիրութիւնները «Արդի խազաբանութիւն» (2003) հատորին մէջ։
1990-ին Փասատինա (Միացեալ Նահանգներ) հաստատուելով, շարունակած է իր աշխատանքները, հրատարակելով «Կոմիտասը եւ հայ ժողովրդի երաժշտական ժառանգութիւնը» (1994), «Արմէն Տիգրանեանը եւ նրա «Անուշ» օպերան» (1995), «Սայաթ-Նովան եւ հայ գուսանաաշուղական երգ-երաժշտութիւնը» (1995) եւ «Տիգրան Չուխաճեան. կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը» (1999, անգլերէն, 2001) մենագրութիւնները։ 1993-ին մասնակցած է Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպած «Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը քառուղիին մէջ» գիտաժողովին, Նիւ Եորքի մէջ։ Մահացած է 30 Օգոստոս, 2013-ին, Փասատինայի մէջ։