
News
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ԹՐՈՅԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 29 Սեպտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Թրոյ, Նիւ Եորք։ Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին հոգեւոր հովիւը՝ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան, եւ սարկաւագները։
Քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը նախ շնորհաւորեց համայնքի 67-րդ տարեդարձը, ապա անդրադրաձաւ օրուան Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնի կարեւորութեան մեր ներկայ կեանքին մէջ։ Ան յայտնեց, թէ Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ այս տօնը լաւագոյն ապացոյցն է որ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ անբաժան մաս կազմելով հանդերձ, անիկա ունի իւրայատկութիւններ, որոնք մեր ինքնութիւնը կը շեշտեն։ Դաստիարակչական բնոյթով, ան բացատրեց, թէ նոյնիսկ խաչակնքումի արտաքին ձեւը, ի տարբերութիւն այլ եկեղեցիներու, հաւատքի հոյակապ արտայայտութիւն մըն է։ Այլ խօսքով, երբ երեք մատները՝ բթամատ, ցուցամատ եւ միջնեմատ, կը միացնենք իրարու, դաւանած կ՛ըլլանք Սուրբ Երրորդութեան մէկ աստուածութիւնը։ Ապա գլուխէն դէպի սիրտ տանելով ձեռքը, Աստուած-մարդ ուղիղ յարաբերութիւնը խոստովանելով, աստուածային Շնորհքով կը կնքենք մեր բանականութիւնն ու զգացումներու աշխարհը, եւ այնուհետեւ հորիզոնական՝ ձախ ուսէն աջ տանելով մեր ձեռքը, կը խնդրենք որ մեր յարաբերութիւնը մարդոց հետ միշտ Իր առաջնորդութեամբ ըլլայ։
Սրբազան Հայրը նաեւ խօսեցաւ խաչի զօրութեան մասին, որ թէ՛ որպէս զոհասեղան Մարդացեալ Աստուծոյ եւ թէ՛ որպէս կարապետ Քրիստոսի երկրորդ Գալուստին իր բարերար ներգործութիւնը ունի հաւատացեալի կեանքին մէջ։ Ըստ այնմ, յորդորեց հաւատացեալները որ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութիւնները այժմէականացնեն իրենց անձնական, ընտանեկան ու հաւաքական կեանքին մէջ, զօրացնելու համար իրենց հաւատքը։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, հիւրասիրութեան ընթացքին հոգեւոր հովիւի՝ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանի, եւ հոգաբարձութեան ատենապետի՝ տիար Անդրանիկ Գարակէօզեանի խօսքերէն ետք, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հոգեւոր հովիւը իր անձնուէր ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ Հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան, Սարկաւագաց ու Դպրաց դասի աշխոյժ գործունէութիւնը եւ գործակցութեան ոգին քոյր կազմակերպութեանց հետ։
«Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ տօնակատարութիւնը։