Առաջնորդարանէն

ԱՌՈՂՋ ՄԱՐՄԻՆ, ՄԻՏՔ ՈՒ ՀՈԳԻ՝ ԹՐՈՅԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 27 Սեպտեմբերին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Թրոյ, Նիւ Եորք) ացյելութեան ծիրին մէջ եւ առողջ մարմին, առողջ միտք եւ առողջ հոգիի նոյն մտահոգութեամբ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, հեծանիւի պտոյտ մը ունեցաւ՝ 15 մղոն հեռաւորութեան վրայ, Հատսըն գետի երկայնքին, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան խումբ մը անդամներու հետ։