Featured, Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՅՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ

Հինգշաբթի2 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Ամերիկայի Յոյն Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութիւն Բարթողիմէոսի Templeton մրցանակի տուչութեան արարողութեան մասնակցելու հրաւէրին համար եւ փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհաւորութիւնները։ Այդ առթիւ, Սրբազան Հայրը հրաւէր ուղղեց յոյն առաջնորդին մասնակցելու Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակի ձեռնարկներուն։ Սիրալիր մթնոլորտի մէջ, երկու հոգեւորականները քննարկեց քրիստոնեայ աշխարհի դիմագրաւած մարտահրաւէրները։