ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆՈՐ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 14 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ գտնուեցաւ Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսի կողմէ Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդի (National Council of Churches) վարչութեան ատենապետութեան ստանձնումին։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Holy Cross յունաց դպրեվանքին մէջ (Պրուքլայն, Մէսէչուսէթս)։
Առաջնորդ Սրբացան Հայրը նորընտիր ատենապետին հաղորդեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորութիւնները եւ մաղթանքները, որ անոր գործունէութիւնը համագործակցութեան եւ միասնականութեան նոր բարձունքներու հասցնէ կազմակերպութիւնը։
Ձեռնարկին հիւրաբար հրաւիրուած էր Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանը՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ եւ Ազգային Առաջնորդարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ։
Նկարին մէջ, ձախէն աջ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոս, Վիգէն Արք. Այքազեան (էջմիածնական Արեւելեան Թեմի ներկայացուցիչ) եւ Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։