ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 11 Նոյեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տան Կիլիկիոյ ժամանեց Նիւ Եորք, նախագահելու իր գահակալութեան 30-ամեակի հանդիսութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս, Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, Արեւմտեան Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Արքեպիսկոպոս, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ՝ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպիսկոպոս, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Կաթողիկոսարանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պատասխանատու ու գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսը Ֆրէզնոյի մէջ՝ պրն. Պերճ Աբգարեան։
Հինգշաբթի, 13 Նոյեմբերին, հանդիսութիւններուն բացումը տեղի ունեցաւ Գառնըկի Հոլի մէջ, համբաւաւոր մեներգչուհի Իզապէլ Պայրագտարեանի երգահանդէսով։ Երգչուհին կախարդեց հանդիսականները հինաւուրց երգերու, աղօթքներու եւ օրօրներու իր մեկնաբանութեամբ։ Անոր կ՚ընկերակցէին երաժիշտներ Էլի Քոթ (տաւիղ), Ռէյ Ֆուրութա (սրինգ) եւ Մհեր Մնացականեան (տուտուկ)։
Երգահանդէսին յատուկ կերպով ներկայ գտնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Էլփիտոֆորոս արքեպիսկոպոսը։
Երգահանդէսէն ետք, հիւրերու յատուկ սենեակի մը մէջ, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Իզապէլ Պայրագտարեանը եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անոր։

Ուրբաթ, 14 Նոյեմբերի առաւօտուն, տեղի ունեցաւ Արեւելեան Թեմէն ներս ծառայող հոգեւորականներու համագումար մը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:
Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա) հոգեւոր հովիւ եւ Կրօնական Ժողովի ատենապետ, բարի գալուստ մաղթելէ ետք, հրաւիրեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը, որ բացման խօսքը կատարէ։ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ իր յայտագրին մէջ սիրով ընդառաջեց հանդիպիլ հոգեւորականաց դասուն։ Նաեւ յայտնեց, թէ համագումարի նիւթը ընտրուած էր նկատի ունենալով կոչումով նորընծաներ ապահովելու տագնապը։
Բացման խօսքը կատարեց եւ օրուան դասախօսը ներկայացուց Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն)։ Որպէս դասախօս հրաւիրուած էր Ֆորտհէմ համալսարանէն դոկտ. Ֆրանսիս ՄըքԱլուն, որ ներկայացուց հոգեւորականի կոչումին ու հովուական ծառայութեան յատկանշական երեսները, յատկապէս ներկայ ժամանակներուն ամերիկեան ընկերութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներու լոյսին տակ: Դասախօսութենէն ետք, տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխանի բաժին:
Համագումարին իր խօսքը ուղղելով, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ «հոգեւորականի կեանքը իր էութեամբ ծառայութիւն է. անոր գործը ծառայութիւն է, ճամբան ծառայութիւն է, մտածումներն ու ծրագրումները ուղղուած են միայն ծառայութեան: Հոգեւորականը իրաւունք չունի իր անձին նեղ պարունակին մէջ մնալու ու ապրելու միայն իր անձին համար, այլապէս հոգեւորականին կոչումը կը դադրի իսկական կոչում ըլլալէ ու կը վերածուի պարզապէս արհեստի՝ դառնալով արհեստաւոր կամ պաշտօնեայ»:
Ուսման անդրադառնալով, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Բնականաբար, ուսումը կարեւոր է: Միաբան հայրերը շատ լաւ գիտեն, որ ես ուսումը քաջալերած եմ: Սակայն զգո՜յշ, ուսումը գերիվեր պէտք չէ դառնայ յարաբերաբար մեր ծառայութեան. ուսումը պէտք չէ ի հեճուկս մեր հոգեւոր ծառայութեան դառնայ առաջնահերթ»: Ան աւելցուց, թէ «հոգեւորականը կոչուած է ինքզինք մնայուն ուսման ընթացքին մէջ տեսնելու, այլ խօսքով, հարկ է որ ինքզինք միշտ ուսանող նկատէ: Միայն համալսարան երթալով կամ վկայականներ առնելով ուսանող կամ մտաւորական չենք դառնար: Ինծի համար վկայականները ո՛չ մէկ արժէք ունին, երբ անոնք ծառայութեամբ չեն թարգմանուիր»:
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց կարգ մը գործնական քայլեր, որոնք անհրաժեշտ են նոր քահանաներ պատրաստելու աշխատանքներուն:
Նոյն օրը, երեկոյեան, Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիսութիւն մը:
Գլխաւոր բանախօսներն էին Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան, որ կեդրոնացաւ Վեհափառ Հայրապետի հայ կեանքէն ներս ունեցած ներդրումին վրայ, եւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, որ անդրադարձաւ Նորին Սրբութեան վաստակին միջ-եկեղեցական կալուածին մէջ:
Գեղարուեստական յայտագրին մաս կազմեցին տեղւոյն Համազգայինի «Արեգակ» երգչախումբն ու պարախումբը, Մելիսա Գոհար Աթոյեան (ջութակ)՝ ընկերակցութեամբ Մարկարիթա Ֆերմաճեանի (դաշնակ), եւ Արա Տինքճեան (ուտ)։ Ցուցադրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան նուիրուած կարճ տեսերիզ մը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Վեհափառ Հայրապետը Կիլիկեան Սուրբ Աթոռը առաջնորդեց փոթորկալից եւ ամեհի պայմաններէն դէպի խաղաղ ու բարգաւաճ ափեր։ Ան իր խիզախ ու յանձնառու կեցուածքով Անթիլիասի ոգին ցոլացուց եւ զայն իր հարազատ տարազով կը փոխանցէ յաջորդ սերունդներուն:
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքին մէջ ի մասնաւորի ըսաւ. «Հայրապետական գահակալութեան 30 տարիները կարելի է խտացնել մէկ բառի մէջ.- ծառայութիւն: Ծառայութիւն մը, որ իրագործուեցաւ նուիրումով, յանձնառութեամբ, հաւաքական հաւատքով ու հետեւողական ճիգով: Այդ ծառայութիւնը, Աստուծոյ օրհնութեամբ, մէկ նպատակ ունէր՝ Ազգը, Հայրենիքը ու Եկեղեցին: Յաճախ կը յիշեցնեմ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ Անթիլիասը վայր մը չէ, այլ ծառայութիւն է: Անթիլիասի հզօրութեան աղբիւրը ժողովո՛ւրդն է, իսկ ծառայութեան դաշտը դարձեալ ժողովուրդն է: Այս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ, Անթիլիասը Վեհափառին, միաբանութեան եւ բոլոր մարմիններուն կողմէ կը ծառայէ»:
Կիրակի, 16 Նոյեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը Ս. Պատարագին նախագահեց ու պատգամ յղեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Ս. Պատարագը մատուցեց Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։ Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան միաբան ու հոգեւոր հայրեր, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ:
Հայրապետական պատգամէն առաջ ողջոյնի խօսք առաւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնելով, այցելութիւնը որակեց իբրեւ պատմական, որովհետեւ անոր գահակալութեան 30-ամեակի նշման ծիրէն ներս եկեղեցւոյ զաւակները համախմբուած են անոր շուրջ, ըսաւ ան։ Ապա, հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը՝ հայրապետական պատգամը ուղղելու։

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին նիւթ ընտրած էր Քրիստոսի հետեւելու հրամայականը: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան կարեւոր մէկ հանգրուանին ըսաւ. «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ» (Մտ 8.34)։ Ան պարզեց Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդ դառնալու միջոցները եւ շեշտեց, որ «դիւրին չէ քրիստոնեայ ըլլալ, դիւրին չէ մանաւանդ Քրիստոսի հետեւիլ։ Ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ պէտք է ապրինք մեր կեանքը»։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, «Կարտըն Սիթի» պանդոկին մէջ (Կարտըն Սիթի, Նիւ Եորք) տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին խօսք առին Արամ Համբարեան՝ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն, քոյր կազմակերպութիւններու անունով, Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, Կրօնական Ժողովի անունով, եւ գնդ. Արամ Սարաֆեան՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Նեկտարիոս եպիսկոպոս՝ Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիէն, եւ ծիրանաւոր Կապրիէլէ Ճորտանօ Գաչիա՝ ՄԱԿ-ի մէջ Վատիկանի մշտական դիտորդ։ Գեղարուեստական յայտագրին երգեցին Անոյշ Պարքլի, Յուշեր Պզտիկեան եւ Քարինա Վարդանեան։ Ցուցադրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակին նուիրուած տեսերիզ մը։
Երեկոյեան փակումը տեղի ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր սրտի խօսքով եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամով եւ օրհնութեամբ։
Կ՚անդրադառնանք։