Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ԵՒ ՈՒՍՏԸՐԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 22 Նոյեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Ս. Աստուածածին (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս) եւ Ս. Երրորդութիւն (Ուստըր, Մէսէչուսէթս) պազարները։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց ծուխերու աշխատանքը եւ քաջալերեց անոնց ջանքերը՝ այս աւանդական գործունէութիւնը պահելու եւ շարունակելու ուղղութեամբ։