Սուրբեր

ՍՈՒՐԲ ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ ԲԱՐԹՈՒՂԻՄԷՈՍ

Շաբաթ, 30 Նոյեմբերին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Թադէոս ու Բարթուղիմէոս առաքեալներու տօնը։ Անոնք մեր Եկեղեցիին տուած են առաքելական նկարագիր եւ ճանչցուած են իբրեւ Հայաստանի առաջին լուսաւորիչներ։

Ս. Թադէոս Հայաստան եկած է քրիստոնէութիւնը քարոզելու 43 թուականին շուրջ։ Նահատակուած է հարաւ-արեւելեան Հայաստանի մէջ (ներկայ Ատրպատական, Իրան)։ Երրորդ դարուն մատուռ մը շինուած է իր վկայարանին վրայ, որ ներկայիս ծանօթ է Ս. Թադէի վանք անունով, ուր մինչեւ այսօր տարեկան ուխտագնացութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Ս. Բարթուղիմէոս Հայաստան ժամանած է աւելի ուշ՝ 66 թուականին շուրջ։ Նահատակուած է Աղբակ գաւառի Հադամակերտ քաղաքին մէջ՝ Վանայ լիճի հարաւ-արեւելքը։ Սուրբին գերեզմանը կը գտնուի իր անունը կրող վանքին մէջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *