
News
ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՍ ԴԱՐՁԱԾ Է

Գոհաբանութեան տօնը սկիզբ տուաւ տօնական շրջանին։ Ամերիկահայ հաւատացեալները այս տօնախմբութիւնը առանց դժուարութեան իւրացուցած են։ Եզակի դէպք մըն է, երբ ոչ-հայկական տօն մը հարցեր չէ դրած Հայ Եկեղեցւոյ անդամներուն, որուն հետեւած տօնական օրացոյցը միշտ չի համաձայնիր հիւրընկալ երկիրներու կրօնական մեծամասնութեան օրացոյցերուն հետ, օրինակ՝ երբ Ս. Ծնունդը կը տօնենք 6 Յունուարին եւ ո՛չ թէ 25 Դեկտեմբերին։
Գոհաբանութեան տօնը երկընտրանք չի յառաջացներ։ Սկզբնական շրջանին, ոգեկոչած է 1621-ի հունձքի տօնը, որուն բաժնեկից եղան են Փլայմութի (այժմու Մէսէչուսէթս) ուխտաւորները եւ Wampanoag ցեղախումբը։ Այդ իմաստով, անոր պատմական արմատները կը տօնեն այն ինչ որ Միացեալ Նահանգները կերտած է իր այսօրուան հիւսուածքով, այսինքն՝ երկիր մը, որ ինքնիրեն կը նորոգէ աշխարհի բոլոր կողմերէն ժամանողներով, ինչ որ զայն կը դարձնէ օրհնեալ երկիր մը, որ կը կառուցուի այն հիւրընկալութեան վրայ, զոր բնիկները ցուցաբերած են անգլիացի ուխտաւորներուն հանդէպ։ Բոլոր ամերիկացիներու՝ հին եւ նոր, տեղածին եւ օտարածին, տօնակատարութիւն մըն է։ Յաճախ, ասիկա տառացի իմաստ մը կ՚ունենայ սեղաններուն շուրջ, երբ ընտանիքներ ու բարեկամներ բոլորովին տարբեր անցեալներով միասին կ՚ուտեն Նոյեմբերի չորրորդ Հինգշաբթի օրը։
Երկրորդ, թերեւս աւելի խոր պատճառը այն է, որ Գոհաբանութեան տօնը մեր հաւատքի խորքը կ՚երթայ եւ թէ ինչպէ՛ս զայն կը տօնենք ամէն Կիրակի։ Բառացիօրէն, աւելի քան 1700 տարի Քրիստոսի Վերջին Ընթրիքը վերարտադրած ենք մեր Ս. Պատարագին մէջ, երբ կ՚առնենք հաղորդութիւնը եւ կը միանանք մեր Տիրոջ։ «Հաղորդութիւն» բառը յունարէն eucharistia («գոհաբանութիւն») բառի հայացումն է։ Այս կը նշանակէ, որ ամէն Կիրակի գոհաբանութեան արարողութիւն մը կը կիսենք Սուրբ Պատարագի ընթացքին։ Անցեալ շաբաթ նշուած տօնը կ՚արձագանգէ եկեղեցւոյ գոհաբանութեան աղօթքներուն։