
News
ՍՏԵՓԱՆ ՊԱԼԱՍԱՆԵԱՆ (ծնունդ՝ 5 Դեկտեմբեր, 1837)
Ստեփան Պալասանեան կովկասահայ մտաւորականութեան յայտնի անուններէն մէկը եղած է 19-րդ դարու երկրորդ կէսին։
Ծնած է 5 Դեկտեմբեր, 1837-ին, Ռումանիոյ Պոթոշանի քաղաքին մէջ, ուր ստացած է իր նխանական կրթութիւնը։ Այնուհետեւ, ուսումը շարունակած է Փարիզի «Սամուէլ-Մուրատեան» (1852-1855) եւ «Հայկազեան» (1856-1858) վարժարաններուն մէջ։ 1858-ին, Գաբրիէլ Արք. Այվազովսկիի հրաւէրով մեկնած է Թէոդոսիա (Խրիմ), ուր ուսուցչական պաշտօն վարած նորաբաց «Խալիբեան» ոսումնարանին մէջ մինչեւ 1861։
1861-ին, Այվազովսկիի հետ ունեցած վէճի մը հետեւանքով, դպրոցի խումբ մը պաշտօնակիցներու հետ մեկնած է Նոր Նախիջեւան, հոն դպրոց մը հիմնելով։ Սակայն, մամուլի մէջ գրած յառաջդիմական ոգիով յօդուածներուն հետեւանվոը երկու տարի ետք արտաքսուած է Նոր Նախիջեւանէն եւ հաստատուած՝ Թիֆլիս։ Պալասանեան աշխատանքի անցած է «Ներսիսեան» դպրոցին մէջ, դասաւանդելով հայերէն, հայոց պատմութիւն, հայ գրականութիւն եւ ֆրանսերէն։ Միաժամանակ, դասաւանդած է Թիֆլիսի ռէալական դպրոցին մէջ։ 1869 թուականին, խումբ մը ընկերներու հետ հիմնած է «Գայիանեան» օրիորդաց դպրոցը. իբրեւ մանկավարժ, Պալասանեան շատ կարեւոր տեղ տուած է աղջիկներու դաստիարակութեան։
Թիֆլիսի մէջ, Պալասանեան ամուսնացած է բանաստեղծ Գէորգ Բարխուդարեանի (1838-1913) քրոջ հետ։ Կինը կորսնցնելէ ետք, իր միակ աղջկան հետ մնացած է։ Ամուսնացած է երկրորդ անգամ, բայց նոր ժառանգ ունեցած չէ։
Գէորգ Դ. Կաթողիկոսի հրաւէրով, 1881-ի աշնան Պալասանեան տեղափոխուած է Ս. Էջմիածին, ճեմարանին մէջ ֆրանսերէն եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդելու։ Մահացած է 19 Փետրուար, 1889-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ, 52 տարեկանին։ Թաղուած է Ս. Գայիանէ եկեղեցւոյ շրջափակի հիւսիս-արեւելեան մասը։
Ստեփան Պալասանեան ազգային ու հանրային խնդիրներու վերաբերեալ հրապարակագրական յօդուած գրած է ժամանակի մամուլին մէջ։ Հրատարակած է նաեւ պատմական ու գրական հարցերու մասին ուսումնասիրութիւններ եւ գրախօսականներ։ Հիմքը դրած է արեւմտահայերէնի գիտական քերականութեան. առաջինն էր, որ հետեւած է Մխիթարեան լեզուաբան Հ. Արսէն Այտընեանի քերականական տեսութեան։ Հրատարակած է «Պատմութիւն հայոց գրականութեան» (1865), «Գործնական քերականութիւն հայերէն լեզուի» (1869), ««Ընդհանուր տեսութիւն արեւելեան նոր գրաւոր լեզուի հայոց» (1870) եւ «Քերականութիւն մայրենի լեզուի հայոց» (1874) մենագրութիւննեըը։ «Պատմութիւն հայոց» աշխատութիւնը հրատարակուած է 1890-ին՝ յետմահու, եւ չորս հրատարակութիւն ունեցած է (1890, 1895, 1911 եւ 1920)։