
News
ԿԵԴՐՈՆԱՍՈՅԶ ԱՂՕԹՔ՝ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 15 Նոյեմբերին, աւելի քան 40 ծխականներ եւ բարեկամներ մասնակցեցան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) քրիստոնէական դաստիարակութեան յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած «Կեդրոնասոյզ Աղօթք»ին։ Բանախօսը՝ Կարօ Սրկ. Նախուտեան (Ս. Յակոբ եկեղեցի, Մոնթրէալ), աշխատանոցին ընթացքին իր փորձառութիւնը կիսեց ու հարցումներու պատասխանեց, նախապատրաստելով կեդրոնասոյզ աղօթքի (centered prayer) կատարման պահը։ Ըստ անոր բացատրութեան, աղօթքի այս մեթոտը կը ձգտի Աստուծոյ հետ աւելի սերտ միութեան եւ հայեցողական աղօթք կը դառնայ մինչ Աստուծոյ հետ մեր անձնական յարաբերութիւնը կը զօրանայ։
Նախաճաշի ու ճաշի պահերը առիթ եղան բարեկամական յարսբերութիւններ մշակելու եւ խորհրդածութիւններ կիսելու։ Մասնակիցները այնքան շահագրգռուած էին, որ աշխատանոցը սահմանուած հինգ ժամերէն անդին անցաւ, դառնալով հոգեկան բաւարարութեան գեղեցիկ միջոց մը։
