Featured, Խմբագրական

ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ԱՌԱՋԱՐԿ ՄԸ

1988 թուականի Սպիտակի եւ համայն շրջակայքի ահաւոր երկրաշարժի 37-րդ տարելիցին օրը, Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի դիմատետրէն իմացանք, թէ Նորին Վսեմութիւնը կ՚առաջարկէ, որ «կիրակնօրեայ պատարագներից առաջ՝ 10.55, բոլոր եկեղեցիներում երգչախմբերը կատարեն Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրհներգը» (հիմնը), քանի որ «301 թուականին Հայ առաքելական եկեղեցին ստեղծուել է պետութեան կողմից, պետութեան որոշմամբ»։

Պատմութեան ծանօթ որեւէ անձ՝ հայ թէ օտար, գիտէ, թէ Հայ Առաքելական եկեղեցին 301 թուականին չէ սռեղծուած պետութեան կողմէ եւ պետութեան որոշումով, այլ հաստատուած է առաջին իսկ դարուն Թադէոս եւ Բարթողիմէոս Առաքեալներուն կողմէ ու նուիրագործուած՝ անոնց նահատակութեամբ։ Իսկ այսպէս ընդունուած 301 թուականին, վարազանման արքան, իր հիւանդութենէն բուժուելէ ետք, պետական կրօն հռչակած է Քրիստոնէութիւնը։

Այս փոքր նշումէն ետք յայտնենք անշուշտ, թէ վերեւի առաջարկը գովելի է, քանի որ կը ցոլացնէ պարոն վարչապետին բացառիկ բծախնդրութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ եւ Պետութեան խորհրդանշական միաւորման, ինչ փոյթ թէ պճեղ մը մնացած հայրենի հողը օրէ օր առաւել եւս կ՛անդամահատուի, ի թշուառութիւն հազարամեակներով Հայ  հերոսներու արիւնով պանծացուած հայրենիքին եւ ի փառս դահիճ ազգին, որ հետզհետէ սրելով իր գայլային ախորժակը, չի թաքցներ գառնուկը լափելու մտադրութիւնը, երէկ անոր դմակը՝ Արցախը, այսօր տոտիկները՝ Սիւնիքն ու Սեւանը, իսկ պատեհ առիթին կուլ տալով լման գառնուկը, զայն դարձնելով արուեստական փաստերով «պատմական Արեւմտեան Ատրպէյճան»։

Վստահ ենք որ անմահանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց եթէ կենդանի ըլլար, վերամշակելով իր բանաստեղծութիւնը, պիտի գրէր․

«Աշխարհ անցիր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ,

եւ մեր վարչապետին պէս վարչապետ չկայ»։

Յամենայն դէպս, վերադառնալով վերոյիշեալ  առաջադրանքին, ըսենք  թէ ողջունելի այս նախանձախնդրութիւնը ինքնին խօսուն յայտարարն է, թէ ինչպէս օր ու գիշեր,  անկասկած քունը փախցնելու աստիճան, Նորին Վսեմութիւնը ներքնապէս  կը տագնապի ու կը տուայտի, բացայայտելով իր նախանձախնդրութիւնն ու  յանձնառութիւնը Հայ եկեղեցին ժողովրդականացնելու, միաժամանակ ապահովելով եկեղեցասէրի ու ազգասէրի վարկը եւ դառնալով նորահաստատելի միջազգային մրցանակի մը արժանաւոր թեկնածուն։ Անկասկած, Անգլիոյ թագաւորները, որոնք հինգ դարերէ ի վեր Անգլիոյ եկեղեցւոյ պետ հռչակած են իրենք զիրենք եւ երբեւիցէ նման գիւտ մը կատարած չեն, հիացմունքով պիտի առաջարկէին այդ մրցանակի միակ թեկնածուն պարգեւատրել։

Այսուհանդերձ, դարձեալ կը կրկնենք,  գովելի եւ երիցս ողջունելի մտայղացում մըն է ասիկա, որուն համար պարտինք շնորհաւորել գիւտարարը, անշուշտ, այն հասկացողութեամբ, որ

Ա․Արդարադատ վարչապետը հրամանագիր հանէ իր սահմաններուն մէջ գտնուող բոլոր կրօններու ու դաւանանքներու հետեւողներուն, որ իրենց պաշտամունքները սկսին պետական օրհներգով։

Բ․Դասական մատենագրութեան հմուտ վարչապետը քաջածանօթ է, որ Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակուելով, հաւատքի յստակ ու մեկին կնիքը դրուեցաւ պետականութեան վրայ; Արդ, ակնկալելի է որ յանդուգն, բարեկրօն ու բարեկարգելի վարչապետը նախաձեռնարկ ըլլայ նաեւ, որ Խորհրդարանը  իր նիստերը բանայ Տէրունական աղօթքով, եւ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Իմաստութիւն Հօր՝ Յիսուս, տուր ինձ իմաստութիւն» աղօթքով, որպէսզի Հայաստանի հանրապետութեան ղեկավարները Երկնայինին իմաստութեամբ վարեն Նոյեան Տապանի հիւրընկալ եւ մարդկութեան օրրան՝ Հայաստան երկիր դրախտավայրը;