
News
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ԿՐԱՆԻԹ ՍԻԹԻԻ ՄԷՋ

6 եւ 7 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին (Կրանիթ Սիթի, Իլինոյ) նշեց իր 71-ամեակը։
Շաբաթ, 6 Դեկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց ինը դպիրներու ձեռնադրութիւնը՝ Պարպրա Ճին Վարատեան, Մելանի Ասատուրեան Քինի, Լինտզի Ճոյ Շուայցըր, Կասիա Սելերթ Պէրպէրեան, Նիքլաս Վարատեան, Տոմինիք Ռիչըրտ Ճովանտօ, Սեսիլիա Ռոզ Ճիովանտօ, Նաթանիէլ Ճուտ Շուայցըր եւ Լեւի Ճոն Շուայցըր։ Նոյն արարողութեան ընթացքին, Սրբազան Հայրը նաեւ ձեռնադրեց երկու կիսասարկաւագներ՝ տոքթ. Ճորճ Կորտըն Շուայցըր եւ Անդրանիկ Յակոբ Ասատուրեան։
Յաջորդ օրը՝ Կիրակի, 7 Դեկտեմբերին, յընթացս Ս. Պատարագի, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս սարկաւագ ձեռնադրեց Սթիվըն Սուրէն Յակոբեանը։ Ս. Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն հանդիսավարն էր տոքթ. Ճորճ Սրկ. Պէրպէրեան։ Գեղարուեստական բաժինը ապահովեց երգեհոնահար Միքայէլ Դարբինեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Արժպ. Տ. Դանիէլ Մանճիկեան՝ եկեղեցւոյ այցելու հովիւ, վկայագիրներ յանձնեցին եկեղեցւոյ նոր ծառաներուն, իսկ Առաջնորդարանի գնահատագրեր՝ տոքթ. Ճորճ եւ տիկ. Լինտզի Շուայցըրին, եկեղեցւոյ եւ համայնքի անոնց նուիրումին համար։ Տէր եւ տիկ. Սթիվ եւ Սիւզըն Յակոբեան եւ ընտանիք, տէր եւ տիկ. Ճէֆրի Սրկ. Յակոբեան եւ ընտանիք եւ տիկ. Քարէն Յակոբեան եւ ընտանիք գնահատանքի արժանացան իրենց մանկութեան տան նուիրատուութեան համար, որ այժմ հովուատունը պիտի դառնայ։
Տէր Հայրը նաեւ խօսեցաւ նորաւարտ երիտասարդական կեդրոնին մասին, երախտապարտութիւն յայտնելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Առաջնորդարանին՝ համայնքի ապագան զօրացնելու կոչուած այս ծրագրին հանդէպ ցուցաբերած զօրակցութեան ու բերած նպաստին համար։






