Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆՏԻՈՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ

Չորեքշաբթի, 17 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սապա Արքեպիսկոպոսին, Ս. Ծննդեան եւ Նոր Տարուան բարեբաստիկ տօներուն առիթով։ Երկու առաջնորդերը իրենց թեմերը յուզող հաւատքի եւ բարոյականութեան հարցեր քննարկեցին, ինչպէս եւ գործակցութեան հեռանկարներ։