
News
ՀՈԳԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Անցեալ Շաբաթ օր, ներկայ եղայ Children of Armenian Fund (COAF-ի) կալային, որ տեղի ունեցաւ Փլազա պանդոկը, Մանհաթընի մէջ։ Հոն հանդիպեցայ բարեկամներու եւ ծանօթացայ նոր անձնաւորութեանց, որոնք եկած էին Ամերիկայի տարբեր նահանգներէ, ինչպէս նաեւ Գանատայէն եւ Եւրոպայէն։
Դրամահաւաքի այս իւրայատուկ ճաշկերոյթի գաղափարը, զոր յղացած է տեսլականի տէր դոկտ. Կարօ Արմէն, լաւագոյնս կազմակերպուած եւ յաջողութեամբ պսակուած ձեռնարկ մըն է, հաստատելով 22-ամեայ կենսունակ աւանդութիւն մը, որ Հայաստան ապրող մեր նորահաս սերունդին առջեւ ուսման, արհեստագիտութեան եւ համամարդկային գիտակցութեան նոր հորիզոններ բացած է։
Ի՜նչ հրաշալի ծրագիր, որ կ՚ենթադրէ ստեղծագործութիւն, յանձնառութիւն եւ յարատեւութիւն, եւ որ արժանի է բոլորիս գնահատանքին։
Հոյակապ այս ձեռնարկը կը ցոլացնէ հարազատ ոգին Հոգատարութեան եւ Բաժնեկցութեան (Caring and Sharing), որովհետեւ մարդկութիւնը կը միտի դարձնել մէկ ընտանիք, որ կը զգայ միասնականութեան ոգին եւ հաւաքաբար կը տօնախմբէ Ուրախութիւնը։
Գոհունակ սրտով կրնամ ըսել, թէ Նոր Տարուան եւ Ծննդեան առիթով յանուն լիբանանահայ եւ սուրիահայ մեր եղբայրներուն իմ կոչս, ձեր սրտին խօսելով, սկսած է դրական արդիւնք տալ։
Թող Սուրբ Ծննդեան ոգին քաջալերէ մեզ բոլորս, որպէսզի առատօրէն մեր նուէրները բերենք Անոր, որ ըսաւ. «Կ՚ըսեմ ձեզի, որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (Մտ 25.40)։
Թող Բարեգութն Աստուած առատապէս մեզ հարստացնէ, որպէսզի մեր կարգին մենք եւս ուրախացնենք զրկուածները եւ կարօտեալները։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ