
News
ՆԱԶԱՐԷԹ ՏԱՂԱՒԱՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 25 Դեկտեմբեր, 1862)

Նազարէթ Տաղաւարեան վաստակաւոր բժիշկ ու գիտնական եղած է, հանրային բազմապիսի գործունէութեամբ եւ բազմաթիւ հրատարակութիւններով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մտաւորական առաջին զոհերէն դարձած է։
Տաղաւարեան ծնած է 25 Դեկտեմբեր, 1862-ին, Սեբաստիոյ մէջ։ Բուն անունով՝ Նազարէթ Չատրճեան, իր մականունը հետագային թարգմանած է Տաղաւարեան ձեւով։ 1869-1878-ին ուսանած է Պոլսոյ ազգային վարժարաններուն։ Մեկնելով Փարիզ, 1878-1879-ին ուսանած է գործնական երկրագործութեան վարժարանին, իսկ 1879-1881-ին՝ Ֆրանսայի երկրագործական բարձրագոյն ուսումնարանին մէջ, գիւղատնտեսի կոչում ստանալով։ 1881-1883 թուականներուն, յաճախած է նաեւ ծառաբուծական եւ այգեպանական վարժարաններ։ 1883-ին վերադարձած էՊոլիս եւ աշխատանքի անցած երկրագործական նախարարութեան մէջ։ Կարճ ժամանակ անցած պաշտօնը ձգած է Սեբաստիա վերադարձած, ազգային վարժարաններու տնօրէն դառնալով։ Բարեփոխումներ կատարած է ուսումնական ծրագիրերուն մէջ, չափահասներու լսարան ու կիրակնօրեայ կրթարան հիմնադրած է, ինչպէս եւ իգական սեռի դաստիարակութեան հարցերով զբաղող Հայուհեաց Ընկերութիւնը։
Սեբաստիոյ մէջ Տաղաւարե աշխուժութիւնն ու բնական գիտութիւնները տարածելու ձգտումը յարուցած է տեղի պահպանողական իշխանութիւններու եւ հայ հոգեւորականներու անբարեհաճութիւնը, որուն հետեւանքով կրկին վերադարձած է Պոլիս։ 1885-86 թուականներուն, Պոլիս Արամեան վարժարանի տնօրէն եղած է, զայն օրինակելի կրթօճախ դարձնելով կարճ ժամանակամիջոցի մը։ 1885-1887-ին, մասնակցած է հայերէն բնագիտական առաջին հանդէսին՝ «Գիտական շարժումի» հիմնադրութեան եւ հրատարակութեան։ Հալածանքներէ խուսափելու համար, հրաժարած է մանկավարժական գործունէութենէ եւ կրկին մեկնած՝ Ֆրանսա։ 1887-1893-ին ուսանած է Փարիզի համալսարանի բժշկական եւ բնագիտական բաժիններուն մէջ, ստանալով բժիշկի վկայական։ 1892 թուականին մասնագիտացած է Փաստէօրի մանրէաբանութեան ուսումնարանին մէջ։
1893-ին վերադարձած է Պոլիս եւ Բերա թաղամասին մէջ բացած է սեփական բուժարան։ 1896-ին Տաղաւարեան ձերբակալուած ու բանտարկուած է հայրենասիրական գործունէութեան համար, բայց ազատ արձակուած է չորս ամիս ետք, ընդհանուր համաներման շնորհիւ։ 1897-ին Բերայի ֆրանսական Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի օժանդակ բժիշկ նշանակուած է, միաժամանակ եղած է Բերայի ազգային վարժարաններու հոգաբարձու։ Դարձեալ բանտարկուած է 1900-ին եւ արձակուած՝ Ֆրանսայի դեսպանութեան միջնորդութեամբ։ Խուսափելով հետագայ հալածանքներէն, 1905 թուականին հաստատուած է Գահիրէ, ուր սկսած է աշխատիլ որպէս բժիշկ ու մանկավարժ եւ յաջորդ տարի մասնակցած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան։ Օսմանեան յեղափոխութենէն ետք (1908), վերադարձած է Պոլիս ու ընտրուած՝ խորհրդարանի երեսփոխան (Սեբաստիայէն), զբաղելով հողային հարցի նախագիծի մշակմամբ։ Տաղաաւարեան հասարակական եռանդուն գործունէութիւն ծաւալած է յատկապէս Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան մէջ, որուն քաղաքական ժողովի անդամ էր 1910-1912 թուականներուն, եւ Կոստանդնուպոլսոյ քաղաքապետարանին մէջ (1912-1913)։ 1913 թուականին քաղաքապետարանի ընդհանուր քննիչ նշանակուած է։ 1914-ին ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղեր բանալու նպատակով այցելած է Կովկաս։
Տաղաւարեան գրած է բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններ՝ բժշկութեան, կենսաբանութեան, երկրագործութեան, աստղագիտութեան, Հայաստանի պատմութեան ու Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ գիրերու գիւտի մասին, որոնց շարքին՝ «Ծագումն հայ տառից» (1895) եւ «Հայոց հին կրօնները» (1903-1909)։
24 Ապրիլ, 1915-ին, ի թիւս Պոլսոյ ակնառու հայ մտաւորականներու, ձերբակալուած եւ բանտարկուած է Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ։ Շոգեկառքով տեղափոխուած է Այաշի բանտ։ Յունիսի սկիզբներուն, Է. Ակնունիի, Սարգիս Մինասեանի, Ռուբէն Զարդարեանի, Գարեգին Խաժակի եւ Յարութիւն Ճանկիւլեանի հետ, ուղարկուած է Տիարպեքիր, իբրեւ թէ պատերազմական ատեանին առջեւ ներկայանալու համար, եւ ճամբուն վրայ իր ուղեցկիներուն հետ վայրենաբար սպաննուած է։