Մեր ծուխերէն

ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ORCHESTRA WITHOUT BORDERS-Ի ՀԱՄԵՐԳԸ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբերին, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) տեղի ունեցաւ Պոսթոնի Orchestra Without Borders նուագախումբի հայ երաժշտութեան նուիրուած համերգը, ղեկավարութեամբ Լուքա Անթոնուչիի։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի բացման խօսքէն ետք, նուագախումբը առաջին հերթին նուագեց Ալան Յովհաննէսի Celestial Fantasy opus 44-ը, որուն յաջորդեց Ալեքսանտր Յարութիւնեանի Sinfonietta-ն։

Աւելի քան 300 հանդիսականներ մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան այս ձեռնարկին, որուն առիւծի բաժինն էր Կոմիտաս Վարդապետի 12 գործերու ներկայացումը։ Անոնց մէկ մասին խօսքերը հայերէն եւ անգլերէն կարդացուեցան շրջանի հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու կողմէ։ Այդ գործերու շարքին էին՝ «Շողեր ջան», «Վաղարշապատի պար», «Հոյ Նազան իմ», «Քելէ քելէ», «Չինար ես», «Կռունկ», «Կաքաւի երգ»։ Վերջին երկու գործերուն ընկերացան նաեւ «Սայաթ Նովա» պարախումբի հեզաճկուն պարուհիները։

Աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը եւ ցուցադրուեցան Կոմիտաս Վարդապետի մասին հետաքրքրական նիւթեր, տրամադրուած՝ Համազգային Հայագիտական Միութեան (NAASR) կողմէ։ Համերգին տեսագրութիւնը կարելի է դիտել այցելելով https://youtu.be/YQI4IWg4uaU։