Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՎՌԱՄՇԱՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՔԻՊԱՐԵԱՆ (մահ՝ 2 Յունուար, 1940)

Վռամշապուհ Արք. Քիպարեան Հայ Եկեղեցւոյ համեստ ու նուիրեալ ծառաներէն մէկը եղած է։

Աւազանի անունով՝ Նազարէթ Քիպարեան, ծնած է 24 Նոյեմբեր, 1855-ին, Շապին Գարահիսարի մէջ։ Հայրը՝ համեստ արհեստագործ ու վաճառական մը, 10 տարեկանին զինք վստահած է Հայ Եկեղեցւոյ։ Իբրեւ խորանի սպասաւոր, հասած է աւագ սարկաւագի աստիճանին։ Զբաղած է ուսուցչութեամբ. Անդրանիկ՝ ազգային հերոսը, անոր աշակերտներէն եղած է։ Ամուսնացած է Թագուհի Մարկոսեանի հետ եւ ունեցած հինգ զաւակ։ Այնուհետեւ, քահանայ ձեռնադրուած է Սեբաստիոյ մէջ՝ Վռամշապուհ անունով։ Վերադարձած է Շապին Գարահիսար, բայց հայկական թաղամասերու 1885-ի հրդեհէն ետք ուղարկուած է Պոլիս եւ Իզմիր՝ դրամահաւաք կատարելու ի նպաստ մայր եկեղեցւոյ շինութեան։ Սակայն, օսմանեան իշխանութիւնները թոյլ չեն տուած, որ վերադառնայ, եւ ստիպուած է մնալ Պոլիս, ուր Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հովիւ եղած է եւ նաեւ դասաւանդած է հայերէն, կրօնք եւ բարոյագիտութիւն «Արամեան» վարժարանին մէջ։ Իր ընտանիքը բերած է Պոլիս, բայց կինը մահացած է 1894-ին։ Այս նոր կացութեան դիմաց, իր զաւակները ստիպուած է  ետ ղրկել գաւառ՝ իր ազգականներուն քով խնամուելու համար։

1899-ին, Վռամշապուհ Քհն. Քիպարեան Փարիզի հայ համայնքի հովիւ նշանակուած է։ Կարեւոր դեր կատարած է Ֆրանսայի մայրաքաղաքի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ շինարարութեան մէջ։ Մկրտիչ Ա. Խրիմեան կաթողիկոսը աւագութեան աստիճանը տուած է։ Ա. Աշխարհամարտի ժամանակ, Արշակ Չօպանեանի հետ, Վռամշապուհ Քհն. մեծ ջանք թափած է փարատելու համար ֆրանսական իշխանութիւններու կասկածները՝ օսմանահպատակ հայերու նկատմամբ։ Մայիս 1919-ին, ձեռնադրուած է շուշտակ վարդապետ Եղիշէ Արք. Դուրեանի կողմէ։ 1920-ական թուականներուն, մեծ աշխատանք կատարած է ժամանող հայ գաղթականներուն հոգալու համար։

1926-ին, ճամբորդած է Էջմիածին, ուր եպիսկոպիս ձեռնադրուած է Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ։ Սակայն, աջ ոտքը կոտրած է կեցութեան ժամանակ եւ վեց ամիս անկողնի ծառայած։ 1927-ի վերջերուն, վերադարձած է Ֆրանսա։ Կեանքի վերջաւորութեան, ստացած է արքեպիսկոպոսի աստիճանը։ Վռամշապուհ Արք. Քիպարեան վախճանած է 2 Յունուար, 1940-ին, Պուլոնյը-Պիյանքուռի մէջ, եւ թաղուած՝ Փէր Լաշէզ գերեզմանատունը։