
News
ԵՐԿԻՑՍ ՕՐՀՆԵԱԼ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Այսօր, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներս մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդն ու Աստուածյայտնութիւնը կը տօնախմբենք։
Որքա՜ն բախտաւոր եւ օրհնուած ժողովուրդ մըն ենք, որ Արեւմտեան եկեղեցիներու պատկանող մեր բարեկամներուն հետ ուրախակից ըլլալէ ետք Դեկտեմբեր 25-ին, այսօր տօնի աւանդական թուականին, թէպետ լուռ, սակայն տօնին հարազատ ոգիով՝ հրեշտակներուն, հովիւներուն եւ մոգերուն հետ կ՛ողջունենք թագաւորներու Թագաւոր, տէրերու Տէր, մարդեղացեալ Քրիստոսի ծննդեան տօնը;
Այս ըսելով, կը վերյիշեմ անցեալին պատահած դրուագ մը. 1976-ին, երբ առաջին անգամ Հայաստան այցելեցի Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ աշխատելու համար «Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ցուցակ Ձեռագրաց» հատորիս վրայ, եւ այդ առթիւ Ս. Էջմիածնի մէջ երեք ամիսով վայելեցի հայրական ջերմ ասպնջականութիւնը լուսահոգի Վազգէն Ա․ Կաթողիկոսին։ Այդ օրերուն պատահեցաւ որ հրաւիրուիմ Նորին Սրբութեան ծննդեան տօնակատարութեան։ Օրուան սեղանապետը անակնկալ կերպով փափաք յայտնեց որ սրտի խօսք ուղղեմ։ Որպէս երիտասարդ հոգեւորական մը, պահ մը շփոթի մատնուեցայ, շրջապատուած ըլլալով եկեղեցական թէ աշխարհական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններով։ Յամենայն դէպս, կը յիշեմ, սրտաբուխ կերպով հետեւեալը ըսի. «Որքա՜ն բախտաւոր ենք որ ունինք զոյգ Մասիսներ, ծանօթ՝ Արարատ լեռով, որ կը խորհրդանշէ Աստուծոյ պարգեւր մեր ժողովուրդին, դառնալու սուրբ գրային Նոյեան Տապանի հիւրընկալը։ Որքա՜ն բախտաւոր ենք զոյգ առաքեալներով, որոնք Հայաստան աշխարհ բերին աստուածային բարի լուրի պարգեւը, դառնալով լուսաւորիչ մեր դրացի Վրաց եւ Աղուանից ազգերուն։ Որքա՜ն բախտաւոր ենք որ երկու կաթողիկոսներ ունինք լծուած միեւնոյն առաքելութեան, որ կ՛առաջնորդեն մեր ժողովուրդը բախտորոշ եւ տագնապալի օրերուն»։
Եւ այսօր, 40 տարիներ ետք, իմ խօսքը վերամշակելով կ՛ըսեմ․Որքա՜ն բախտաւոր ենք որ երկիցս կը տօնենք Քրիստոսի սուրբ Ծնունդը, հաստատելով մեր երախտագիտութիւնը եւ յանձնառութիւնը շարունակելու մեռ առաքելութիւնը Անոր, որ, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ, աստուածայհն փառքէն ինքզինք ունայնացուց, որպէսզի վերանորոգէ մեր անկեալ բնութիւնը, եւ վերահաստատէ մեր հարազատ բնութիւնը ստեղծուած Արարիչ Աստուծոյ կողմէ՝ համաձայն իր պատկեըին եւ նմանութեան։
Այս առիթով, սրտագինս ողջունենք զիրար, ըսելով՝ Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս․ Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։
Թող Ամենաբարին Աստուած եւ մեր երկնաւոր հայրը առատապէս ցօղէ մեր բոլորին վրայ իր ողորմութիւնը, որպէսզի մե՛նք եւս բարեգութ ըլլանք բոլոր անոնց հանդէպ որ զրկուած են Աստուածային Սէրէն եւ Գիտութենէն։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ