News
ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2026 տարին, հայրապետական յատուկ հռչակագիրով, յայտարարեց «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգման տարի»։ Ամէն տարի, Սուրբ Ծննդեան յաջորդող կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի մատուցման ընթացքին, կ՚ընթերցուի հայրապետական հռչակագիրը։ 2003 թուականէն սկսեալ, Վեհափառ Հայրապետը իւրաքանչիւր տարին նուիրեց մեր կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող երեւոյթի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի մը, թելադրելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ ամբողջ տարուան ընթացքին լուսարձակի տակ բերել զայն՝ իրենց մտածումներուն, գործերուն եւ ընդհանրապէս կեանքին մէջ:
Առ այդ, Կիրակի, 11 Յունուար 2026-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ, ձեռագիրներու ու հնատիպերու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան ընթերցեց հայրապետական հռչակագիրը։ Կիրակի, 25 Յունուարին, հայրապետական հռչակագիրը պիտի ընթերցուի Արեւելեան Թեմի եկեղեցիներուն մէջ։