News
2026-Ի ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ՀԱՒԱՏՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ
Ծնունդէն ետք տեղի ունեցած հոգեւորականներու ժողովին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, խնդրեց, որ իւրաքանչիւր հովիւ հակիրճ զեկոյց մը տար Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին մասին իրենց ծուխերուն մէջ։ Զեկոյցները բացայայտեցին, որ այս տարի Ծննդեան տօնը բացառիկ եղած էր շատ մը իմաստներով։
Անշուշտ, տարբեր ծուխերու մէջ տեղի ունեցած հանդէսները, խնճոյքները, համերգները, ճաշկերոյթները եւ այլ ձեռնարկներ շատ գնահատուած էին ծխականներուն կողմէ։ Անոնք միշտ մեր հաւատացեալներուն ուշադրութիւնը գրաւած են, սատար հանդիսանալով ուրախալից եւ դրական մթնոլորտի ստեղծման։
Սակայն, մեր հովիւներուն զեկուցումներուն ամենէն դրական երեսը եկեղեցական արարողութիւններուն մասնակցող հաւատացեալներու թիւին աճն էր։ Կարգ մը թիւեր մրցանիշ կոտրած էին, բայց ընդհանուր առմամբ մեր ծուխերը, մեծ թէ փոքր, տեղեկացուցին, որ հաւատացեալներու չափաւորէն մինչեւ ստուար թիւեր, որոնք արձանագրուած էին եկեղեցիներուն մէջ Ճրագալոյցին ու Ս. Ծննդեան տօնին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու հովիւները իսկապէս ուրախացած էին այն անդրադարձով, որ յատուկ Սուրբ Ծնունդ մըն էր՝ հաւատացեալներու մասնակցութեան իմաստով, ցոյց տալով հաւատքի վերանորոգում մը որ կը թուի ծաղկիլ մեր ժողովուրդին մէջ։
Անուշաւան Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, թէ շատ յուզիչ էր իրեն համար այն իրողութիւնը, որ աւելի քան 1700 տարի ետք, պապենական իրենց հողերէն շատ հեռու, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները կը շարունակէին վառ պահել իրենց նախնիներուն նոյն արժէքներն ու հաւատալիքները, ապացուցելով իրենց խոր սէրը առաքելական հաւատքին հանդէպ, որ Թադէոս եւ Բարթողոմէոս սուրբերուն կողմէ սերմանուած եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ հաստատուած է։ Ի հարկէ, սրտառու երեւոյթ մըն էր տեսնել ամերիկահայ համայնքի զաւակներուն հոսքը դէպի եկեղեցիները։
Միշտ այդպէս չէ եղած։ Ժամանակին, հայկական Ծնունդը Միացեալ Նահանգներու մէջ սովորաբար կը տօնուէր 6 Յունուարին ամենամօտ Կիրակին։ 1970-ական թուականներու կէսերուն, Թեմիս Առաջնորդ՝ լուսահոգի Գարեգին Արքեպիսկոպոս (այնուհետեւ՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս) յանդուգն քայլի մը ձեռնարկեց, մեր հաւատացեալները բերելով իրենց հաւատքի բուն արմատներուն, երբ Սուրբ Ծնունդի նշումը վերահաստատեց բուն 6 Յունուարի օրը։ Աւելորդ է ըսել, թէ հաւատացեալներու ներկայութիւնը անկում կրեց, երբ օրը աշխատանքային օրուան կը զուգադիպէր։ Տարիներու ընթացքին, սակայն, երբ այս վերադարձի դէպի աւանդութիւնը լայնօրէն ընդունուեցաւ մեր համայնքներուն մէջ, եկեղեցիներու յաճախումը սկսաւ բարձրանալ։ Ահա թէ ինչու այնքան գօտեպնդող է տեսնել, որ 50 տարի ետք, Երկուշաբթի երեկոյեան եւ Երեքշաբթի առաւօտեան, մեր եկեղեցիները լեցուն էին հաւատացեալներով՝ երիտասարդ թէ տարեց։
Մեր բոլոր եկեղեցիները պէտք է քաջալերուին այս հիանալի լորէն։ Պէտք է ծառայէ, որպէսզի լեցուինք յոյսով եւ ներխնչուինք միասնաբար աշխատիլ իբրեւ Քրիստոսի Մարմինը՝ Աւետարանի հաւատքը քաորզելու եւ մեր ժողովուրդը աւելի եւս մերձեցնելու Քրիստոսին Իր Սուրբ Եկեղեցւոյ միջոցով։ Մեր բոլոր հաւատացեալները պէտք է նաեւ հասկնան, որ մեր աւանդութիւնը պարզապէս անիմաստ նշումներ կամ անկապակից գործողութիւններ չեն, այլ իսկական ճանապարհը դէպի Աստուծոյ յաւերժական Արքայութիւնը՝ մեր հաւատքի վերանորոգութեան ու վերանուիրումի փորձաքար մը Արեւելեան Թեմի բոլոր ծուխերուն երկայնքին ու լայնքին։







