News
ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՅԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԸ ՆՇԵՑ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ
Գերշ. Տ. Պետրոս Եպս. Մանուէլեան՝ Վենեզուելայի նորանշանակ հոգեւոր տեսուչը՝ հիւրաբար քաղաքս այցելելէ ետք, ճամբորդեց Գարագաս ուր Կիրակի, 11 Յունուարին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, իր առաջին Ս. Պատարագը մատուցանեց Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով։
Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ ընդգծեց հաւատքի, յոյսի եւ միասնականութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ վստահեցուց, որ Եկեղեցին միշտ կանգնած է իր ժողովուրդի կողքին՝ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններէ։