News
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏԻՆ ՄԷՋ
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այս շաբաթ կը մասնակցի Հայկական Ժառանգի աւանդական նաւապտոյտին, կազմակերպուած՝ Ամերիկայի Հայ Մշակութային Ընկերակցութեան (Armenian Cultural Association of America) կողմէ, ԱՄՆ-ի տարբեր նահանգներէ եւ այլ երկիրներէ ժամանած շուրջ 700 զբօսաշրջիկներով։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերանան Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեանը՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ, եւ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանը՝ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Թրոյ, Նիւ Եորք) այցելու հովիւ։ Նաւապտոյտի ընթացիկ յայտագիրներու կողքին, կազմակերպուած են մարմնակրթական, մշակութային եւ գեղարուեստական ձեռնարկներ։ Կիրակի, 11 Յունուարի, Չորեքշաբթի, 14 Յունուարի եւ Հինգշաբթի, 15 Յունուարի առաւօտներուն տեղի ունեցան առաւօտեան եւ Արեւագալի ժամերգութիւններ, եւ հոգեւոր հայրերը կատարեցին խորհրդածութիւններ։
Նկարներուն մէջ՝ ժամերգութիւններու մասնակիցները եւ Սրբազան Հայրը բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին հետ։