
News
ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ «ՄՈՒՐԱՏ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Կիրակի, 4 Յունուարին, տեղի ունեցաւ Փրաւիտընսի «Մուրատ» ազգ. վարժարանի Ս. Ծննդեան հանդէսը աւելի քան 130 ներկաներով, «Արամեան» լսարանին մէջ։
Բացման խօսքը կատարեց վարժարանի տնօրէնուհի տիկ. Լալա Աթթարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին դպրոցին հանդէպ ցուցաբերած աջակցութեան համար եւ դրուատելով ուսուցիչներու եւ աշակերտներու նուիրուածութիւնը։
Դպրոցի Խնամակալ Մարմնի ատենապետ՝ Յակոբ Ա. Սրկ. Խաչատուրեան, կատարեց բացման աղօթքը եւ ապա խօսք առաւ, խորհրդածելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի 2026-ի հռչակարգրին մասին, հոգեւոր վերանորոգման անոր կոչը նկատելով համայնքային եւ յատկապէս «Մուրատ» ազգ. վարժարանի վերանորոգման ուղեգիծ մը։
Այնուհետեւ, դպրոցի աշակերտները արտասանեցին բանաստեղծութիւննր եւ երգեր մեկնաբանեցին՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Ռաֆիի Ռշտունիի ղեկավարութեամբ։ Փակման աղօթքին զուգընթաց, Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, անդրադարձաւ հաւատքի եւ Եկեղեցւոյ դերին համայնքի կեանքին մէջ։







