Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ԹԵՄԻ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Ուրբաթ, 6 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ գտնուեցաւ Նիւ Եորքի կաթոլիկ Թեմի նոր Առաջնորդ՝ Ռոնըլտ Արքեպիսկոպոս Հիքսի պաշտօնակալութեան արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Սէնթ Փաթրիք մայր տաճարին մէջ։