
News
ԱՂՕԹԵԼ՝ ԽՕՍԻԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ

Մեծ Պահոց հոգեւոր վերանորոգման այս շրջանին, իւրաքանչիւր շաբաթ կ՛ուզեմ խորհրդածութեան նիւթ ունենալ նախադասութիւն մը՝ Տէրունական աղօթքէն, զոր մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս սորվեցուց, երբ Առաքեալները խնդրեցին եւ ըսին. «Տէր, մեզի աղօթել սորվեցուր» (Մտ 6.9-13)։
Նիւթը որ պիտի ներկայացնեմ ամփոփ կերպով, բոլոր դարերու եկեղեցւոյ հայրերու կողմէ սպառիչ կերպով քննարկուած է, այդուհանդերձ, Երկնաւորի Իմաստութեան ապաւինելով, երբ տարբեր դիտանկիւնէ մօտենանք, կրնանք միշտ թարմ սնունդ ապահովել մեր առօրեային համար։
Ուստի, Իմաստութիւն Հօր՝ Յիսուսի շրթներէն բխած աղօթքի առաջին նախադասու-թեամբ կը սկսինք մեր խորհդածութիւններու շարքը․ «Հայր մեր որ երկինքն ես»։ Մեր Տէրը Յիսուս ո՛չ միայն այս աղօթքի պարագային, այլ միշտ իր խօսքը Աստուծոյ ուղղած է որպէս Հայր, վեր մնալով մարդկային ցեղի արուի եւ էգի՝ սեռատեսակի մտահոգութենէն։ Եւ քանի Քրիստոս այս ձեւով ծանօթացուց մեզի զԱստուած, պատուելով Իր գերագոյն հեղինակութիւնը հաւատարիմ կը մնանք աւանդական բառին։
ԶԱստուած Հայր կոչելով, Երկնաւոր Վարդապետը մեզի հիմնական պատգամ տուաւ թէ ո՛չ թէ անծանօթի, այլ անձի յատկանիշեր ունեցող, բայց մանաւանդ Սէր եղող Գերագոյնին հետ ջերմ հաղորդակցութեան մէջ ենք։ Որպէս մարդ արարածներ, անկախ տարիքէ, միթէ ամէնքս ալ չե՞նք փափաքիր սիրուիլ։ Ահա բոլորիս կը պարգեւուի առանձնաշնորհում մը, թէ ունինք սիրոյ աղբիւր եղող Աստուած մը որ անհուն կերպով գթառատ է, ներող է, համբերող է, մեր բոլոր հարցերուն ծանօթ է, եւ դեռ աւելին։
ԶԱստուած «Հայր մեր» կոչելով, առանց մեր անձնական ու հաւաքական ինքնութիւնը կորսնցնելու, իրա՛ւ որ անսահման կերպով օրհնուած ենք, որովհետեւ կը դաւանինք որ անկախ մեր ցեղային, արուի եւ էգի սեռատեսակի տարբերութիւններուն, մեր միութիւնը կը գտնենք Աստուծոյ մէջ։ Յիշենք որ ընտանիքի մը անդամներուն ունեցած տարբերութիւնները բնական կը գտնենք, որպէս իւրաքանչիւրին ինքնութեան առանձնայատկութիւնը, ինչ որ խնդրոյ առարկայ չի դարձներ անոնց պատկանելիութիւնը նոյն ընտանիքին։ Նմանապէս սոյն օրէնքը ի զօրու է այս պարագային, երբ Յիսուս Քրիստոս դաւանած ըլլալով որպէս մեր Տէրը եւ Աստուածը, եւ եղբայր եւ քոյր դարձած ըլլալով Իրեն, բոլորս ալ զաւակներն ենք Երկնաւոր Հօր տիեզերական ընտանիքին։
Պահ մը մտածենք այս բառի խորքին եւ կարեւորութեան. մեր կեանքը որքա՜ն կրնայ կերպարանափոխուիլ այս երկրագունդին վրայ, եթէ համայն մարդկութիւնը այս հասկացողութեամբ ապրի եւ գործակցի անհատաբար եւ հաւաքաբար։
Եւ վերջապէս, «Հայր մեր որ երկինքն ես» աղօթելով, կ՛ընդունինք որ ո՛չ միայն բնակարան մը, երկիր մը, կամ երկրագունդը, այլ ամբողջ տիեզերքը կը վայելէ Իր ներկայութիւնը։ Տիեզերքի անհունութիւնը երբեք թող պատճառ չըլլայ որ մտածենք, թէ Աստուած մեզմէ հեռու եւ անհասանելի է, ընդհակառակը ինչպէս Երեմիա մարգարէ կ՛ըսէ՝ «Ան մօտ է բոլոր անոնց, որոնք կը վստահին իրեն եւ Իր Անունը կու տան» (Եր 23.23)։
Այս հասկացողութեամբ միշտ աղօթենք, այլ խօսքով, ԽՕՍԻՆՔ Աստուծոյ հետ, ինչպէս մեր ծնողներուն հետ կ՚ընենք, առանց պաշտօնականութիւն փնտռելու, բայց միշտ խոնարհութեամբ ու յարգանքով, եւ վայելենք Իր օրհնութիւնը ներկային եւ յաւիտենականին մէջ։