
News
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 12 Փետրուարին, Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Ներկայ էին Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանի բարձր դասարաններու աշակերտները։ Սրբազան Հայրը քարոզին շեշտեց Վարդանանց ճակատամարտի կարեւորութիւնը ո՛չ միայն որպէս պատմական դէպք մը, այլ մերօրեայ եւ բոլոր սերունդներու կեանքին մէջ ինքնութեան գիտակցութեան ազդակ։ Իր խօսքը ուղղելով պատարագին ներկայ աշակերտութեան, ան յորդորեց, որ, իրենց փոխանցուած գիտելիքներուն կողքին, լաւագոյնս օգտուին հայաշունչ մթնոլորտի մէջ իրենց ջամբուած եւ նկարագիր կերտող դաստիարակութենէն։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ տօնակատարութիւն մը, որ ճոխացաւ աշակերտներու ասմունքներով եւ մեներգներով նուիրուած Վարդանանց նահատակներուն։ Սեղանի օրհնութիւնը կատարեց Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Հրաչ Մեսրոպեան, բարի գալուստի իր խօսքին մէջ վեր առաւ ուսուցիչներու, ծնողներու, ինչպէս նաեւ հիւրընկալ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան ծառայական ոգին։ Տօնախմբութիւնը աւարտեցաւ Սրբազան Հօր պատգամով։ Ան բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըգճեանի երիտասարդական աւիշով առլցուն ծառայութիւնը, որով խանդավառութիւն եւ աշխուժութիւն ստեղծած է եկեղեցւոյ յարակից մարմիններուն, ինչպէս նաեւ քոյր կազմակերպութեանց մէջ։ Ի տես աշակերտներու ելոյթներուն, ան յայտնեց ծնողաց, թէ լաւագոյն ներդրումը կը կատարեն առողջ սերունդ պատրաստելով, յօգուտ ընտանիքի եւ ազգի յառաջադիմութեան։ Հանդէսը փակուեցաւ Հ. Վաչէ վրդ. Պալըգճեանի «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» երգով։