
News
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ՝ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 13 Փետրուարի երեկոյեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակի արարողութեան մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման տօնի նախօրեակին, մասնակցութեամբ “Salt and Light”ի պարման-պարմանուհիներուն եւ ծնողաց։ Օրուան ընթերցումներէն ետք, հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան, կատարեց խորհրդածութիւն օրուան խորհուրդին մասին։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը խորանէն լուսավառ մոմ մը բերաւ եւ թափօրով ներկաները ուղղուեցան բակ, ուր տեղի ունեցաւ հրավառութիւն, Պատարագէն քաղուած շարականներով եւ Սրբոց Վարդանանց նուիրուած երգերով։ Սրբազան Հօր մաղթանքով եւ Հայր Մերով փակուեցաւ այս հոգեպարար արարողութիւնը։