
News
ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Կիրակի, 15 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)։ Յընթացս Ս. Պատարագի, Սրբազան Հայրը կիսասարկաւագ ձեռնադրեց Կարօ Սասուն Դարբինեանը։
Իր քարոզին ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Վարդանանց տօնի նշանակութեան, ինչպէս նաեւ Սիմէոն մարգարէին, որ Յիսուս ճանչցաւ իբրեւ մարդկութեան Փրկիչը քառասնօրեայ տաճար ընծայման առթիւ։ Սուրբ Հոգիի ուժը աներեւակայելի է եւ կ՚անդրաննցնի ժամանակն ու տարածութիւնը։ Անոր հովանաւորութեան եւ առաջնորդութեան շնորհիւ է, որ մենք պիտի կարենանք բարենորոգել ընկերութիւնը ուր որ ալ գտնուինք։
Պատարագի ընթացքին, Սրբազան Հայրը օրհնեց խաչվառ մը (նուէր՝ Թիքոյեան ընտանիքէն), զոյգ քշոց (նուէր՝ Նալպանտեան ընտանիքէն) եւ նոր մոմակալներ (նուէր՝ Խաչատուրեան ընտանիքէն)։

Գնահատանքի ջերմ խօսքերէ ետք, Սըբազան Հայրը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիրը, որով եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանին կը շնորհուէր ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք, անոր ձեռնադրութեան 10-ամեակին առթիւ։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Տէր Հօր սեղանի օրհնութենէն ետք, խօսք առաւ հոգաբարձութեան ատենաղետ Փօլ Հարոյեան, որ կատարեց հանդիսավարութիւնը։ Պատանի դաշնակահար Ռաֆֆի Աւագեան նուագեց «Քաջն Վարդան» եւ «Ատանայի ողբը»։
Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագիր ստացան եկեղեցիէն ներս իրենց ծառայութեան համար տիկ. Շաքէ Գզիրեան եւ տիկ. Ճէյն Զօպեան։ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան լուսարձակի տակ բերաւ օրուան գնահատուողները իրենց օրինակելի ծառայութեամբ։
Հուսկ, Սրբազան Հայրը, անդրադառնալով հոգեւոր վերանորոգման անհրաժեշտութեան, հաւատացեալներուն յորդորեց, որ փարին իրենց հաւատքին եւ զայն ի գործ դնեն ամէնօտեսյ կեանքին մէջ։
Ձեռնարկը փակուեցաւ Պահպանիչով եւ «Կիլիկիա» երգով։






