News
ՀԵՆՐԻԿ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 27 Փետրուար, 1910)
Կարգ մը ճատրակ խաղացողներ նշանաւոր եղած են իբրեւ տեսաբաններ։ Անոնցմէ մէկն էր Հենրիկ Գասպարեանը, որ նկատուած է ճատրակի աւարտախաղերու մեծագոյն յօրինողներէն մէկը։
Հենրիկ Գասպարեան ծնած է 27 Փետրուար, 1910-ին, Թիֆլիսի մէջ, արցախցի ծնողներու ընտանիքին մէջ։ Համալսարանական ուսումը ստացած է Թիֆլիսի բազմարուեստից հիմնարկին մէջ (1926-1931), իսկ պատանեկան տարիքէն արդէն ճատրակի հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը ցուցաբերած է։ 1929-ին առաջին անգամ մասնակցած է Թիֆլիսի ախոյեանութեան, 4-րդ տեղը կիսելով, իսկ հետագային երեք անգամ ախոյեան եղած (1931, 1937, 1945)։ 1934-1956-ին տասը անգամ Հայաստանի ախոյեան հանդիսացած է։
1936-ին մշտական կերպով տեղափոխուած է Երեւան, իսկ նոյն տարին Խորհրդային Միութեան մարզանքի վարպետի տիտղոսին արժանացած առաջին հայ ճատրակորդը եղած է եւ Հայաստանի ճատրակի առաջին վարպետը։ 1941-1945-ին մասնակցած է Բ. Աշխարհամարտին։
1950-ին, Հենրիկ Գասպարեան Ճատրակի Միջազգային Դաշնակցութեան կողմէ ստեղծուած միջազգային վարպետի տիտղոսի առաջին ստացողներէն մէկը եղած է։ 1956-ին ձգելով ճատրակի գործնական խաղերը, Հայաստանի մարզանքի վաստակաւոր վարպետի տիտղոսին արժանացած է ի գնահատութիւն հայկական ճատրակի իր նշանակալից ներդրումին։
Երիտասարդ տարիքէն, Գասպարեան նուիրուած էր ճատրակի յօրինումներու (compositions), այնուհետեւ կեդրոնանալով աւարտախաղերու վրայ։ 1956-ին ստացած է ճատրակի յօրինումներու միջազգային մրցավարի, իսկ 1972-ին՝ միջազգային մեծ վարպետի տիտղոսը, ըլլալով առաջինը, որ ստացած է այս վերջին պատիւը։ 1947-1971-ին վեց անգամ շահած է Խորհրդային Միութեան ախոյեանութիւնը յօրինման գծով, իսկ 1956-ին Խորհրդային Միութեան մարզանքի վաստակաւոր վարպետի տիտղոսը ստացած է։
Հենրիկ Գասպարեան հրատարակած է շուրջ 600 յօրինումներ, որոնցմէ հարիւրէն աւելին համամիութենական եւ միջազգային մրցանակաբաշխութիւններուն առաջին մրցանակներ շահած են։ Հեղինակած է շուրջ երկու տասնեակ գիրքեր, որոնք լոյս տեսած են հայերէն, վրացերէն, ռուսերէն, անգլերէն, գերմաներէն եւ սպաներէն։ Մահացած է 27 Դեկտեմբեր, 1995-ին, Երեւանի մէջ։ 2005-ին, Երեւանի ճատրակի եւ տամայի ողիմպիական դպրոցը կոչուած է Հենրիկ Գասպարեանի անունով։