Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՏԱԹԵՒ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ (1941–2026)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան Գերշ. Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 19 Փետրուարին, Ս. Էջմիածինի մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։

Հանգուցեալ Սրբազան Հայրը ծնած է Հալէպ (Սուրիա), 1941-ին։ Աւազանի անունն է Խաժակ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգ. Հայկազեան Վարժարանին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է 1953-54 կրթական տարեշրջանի վերամուտին։

Աւարտելով դպրեվանքի Ժառանգաւորացի քառամեայ շրջանը՝ Սարկաւագ ձեռնադրուած է 26 Մայիս 1957-ին, ձեռամբ Դրան Եպիսկոպոս Արտակ Արք. Մանուկեանի։  Կուսակրօն Եկեղեցական ձեռնադրուած եւ օծուած է 29 Յունիս 1960-ին, ձեռամբ Զարեհ Կաթողիկոսի, եւ վերակոչուած՝ Տ. Տաթեւ Աբեղայ։ Յետ ձեռնադրութեան, դպրեվանքէն ներս ստանձնած է հսկիչի պաշտօն, միանգամայն դասաւանդելով հայագիտական եւ կրօնագիտական նիւթեր։

1962-ին Վարդապետական Գաւազանի իշխանութիւն ստացած է, ձեռամբ Զարեհ Կաթողիկոսի, աւարտաճառ ներկայացնելով «Գրիգոր Տաթեւացիի եկեղեցաբանութիւնն ու աստուածաբանութիւնը»։ Այնուհետեւ մեկնած է Լոնտոն՝ «King’s College», հետեւելու բարձրագոյն ուսման։ 1965-ին վերադառնալով մայրավանք ստանձնած է դպրեվանքի տեսչութիւնը։

1968-ին Բերիոյ Թեմի Ազգային Խառն Ժողովը (Կրօնական եւ Քաղաքական) Տաթեւ Վարդապետը Առաջնորդական Տեղապահ ընտրած է, իսկ 1969-ին Ազգ. Գաւառական Ժողովը զինք Առաջնորդ ընտրած է։ 1972-ին Ծայրագոյն Վարդապետութեան իշխանութիւն ստացած է, իսկ 1974-ին Եպիսկոպոս ձեռնադրուած եւ օծուած է, ձեռամբ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի։

1977-1985-ին վերստին նշանակուած է Դպրեվանքի տեսուչ։ Իր օրով Դպրեվանքը փոխադրուած է Պիքֆայա եւ կոչուած է Զարեհեան Դպրեվանք։ 1980-ին Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոս Տաթեւ Սրբազանին շնորհած է Արքութեան պատիւ եւ տիտղոս։

1985-ին Հիւս. Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը Առաջնորդ ընտրած է Տաթեւ Արք. Սարգիսեանը, որ տասը տարի ծառայելէ ետք, 1995-ին հրաժարած է իր պաշտօնէն եւ մեկնած Հայաստան, ուր իր եկեղեցականի ծառայութեան բաժինը բերած է՝ դասաւանդելով Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանէն ներս, միանգամայն սատար հանդիսանալով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Մայրավանքէն ներս։

Կիրակի, 22 Փետրուարին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ի յիշատակ նորոգ հանգուցեալ Սրբազան Հօր։ Վերջին օծման ու թաղման կարգը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 24 Փետրուարին, Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։ Ապա, Սրբազան Հօր մարմինը ամփոփուեցաւ Սուրբ Էջմիածինի Ուխտի միաբանական դամբարանին մէջ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետն ու Կիլիկեան միաբանութիւնը ներկայացուցին Գերշ. Տ. Օշական եւ Շահան Արքեպիսկոպոսները։

Յիշատակն արդարոյն օրհնեալ եղիցի։