Featured, Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ԵՂԻՑԻՆ ԿԱՄՔ ՔՈ

Մեծ Պահոց երրորդ շաբաթը, Աստուծոյ կամքով կը բանանք մեր հոգեւոր բերանի շրթները եւ կ՛ըսենք՝ «Եղիցին կամք քո որպէս յերկինս եւ յերկրի – Քու կամքդ թող կատարուի ինչպէս երկնքի մէջ, նաեւ երկրին վրայ»։

Աստուծոյ կամքը սուրբ է Իր անունին նման։ Անիկա աղբիւրն է կեանքի եւ բոլոր բարիքներուն` երեւելի թէ աներեւոյթ։ Մարդ արարածը կարիքը ունի ժամանակի՝ որեւէ ծրագիր յաջողցնելու համար, մինչ Աստուծոյ կամենալուն եւ կարենալուն միջեւ բացութիւն/ընդմիջում գոյութիւն չունի։ Աստուծոյ կարենալը կը հետեւի կամենալուն։ Ահա այսպէս, երբ Ան ըսաւ՝ թող լոյս ըլլայ, լոյս եղաւ։ Ժամանակի լրումին Աստուծոյ կամքը յայտնուեցաւ Իր Միածնին մարդեղութեամբ, որպէս Փրկիչը աշխարհին։

Աստուծոյ կամքը ամենազօր եւ ամենակարող է։ Բաւ է որ նայինք ստեղծագործութեան՝ տիեզերքի բարձրութեան ու խորութեան, լայնքին ու երկայնքին, իրաւ որ կը հմայուինք եւ կը սքանչանանք իր զօրութեան վրայ։

Աստուծոյ կամքը մարմնացումն է կարգ ու կանոնի։ Ստեղծագործութեան բազմակողմանի տարածքը աննշան հիւլէէն մինչեւ երկնային զանգուածային մարմիններու մէջ կը տեսնենք օրէնքի, ներդաշնակութեան եւ փոխկախուածութեան բացառիկ գործունէութիւն։

Այս հասկացողութեամբ, երկիւղածօրէն աղօթենք ու ըսենք. «Քու կամքդ թող կատարուի ինչպէս երկնքի մէջ, նաեւ երկրի վրայ»։

Այս խնդրանքը բոլորս կը հրաւիրէ խորհրդածելու ճշմարտութեան մը վրայ, այն, թէ երկինքը Աստուծոյ գահը (Սղ 11.4, Ես 66․1) եւ հրեշտակներո բնակարանը ըլլալով մէկտեղ, կը պարփակէ անթիւ ու անհամար մոլորակներ, որոնք ամենայն կանոնաւորութեամբ Աստուծոյ կամքին համաձայն կը հետեւին տիեզերական օրինագիծի մը, եւ որպէս այդպիսին օրինակ կը ծառայեն երկրի վրայ ապրող մարդկութեան։

Ի՜նչ ողբերգական պատկեր։ Մինչ ամբողջ տիեզերքը Աստուծոյ Խօսքով ստեղծուեցաւ, մարդը՝ այս առանձնաշնորհեալ արարածը, ստեղծուեցաւ Սուրբ Երրորդութեան միակամ որոշումով, երբ Աստուած ըսաւ. «Մարդը ստեղծենք մեր պատկերին համաձայն  եւ նմանութեամբ» (Ծնն 1․26)։ Աւելի՛ն. Աստուած իր շունչը շնորհեց մարդուն։ Եւ ահա Ստեղծագործութեան պսակը հանդիսացող մարդ արարածը իր կամքը փոխանակ լծելու Աստուծոյ կամքին, շեղեցաւ օրինադիրէն, եւ ինչպէս սաղմոսասացը կը նկարագրէ, մինչ «Երկինքը Աստուծոյ փառքը կը հիւսէ» (Սղ 19.¿), հակառակը՝ «Մարդը իր պատիւը կորսնցնելով անբաններուն հաւասարեցաւ» (Սղ 49.20)։ Ի՜նչ ցաւալի վիճակ։ Ստեղծագործութեան անշունչ մարմինները օրինակ կը ծառայեն Աստուծոյ պատկերը կրողներուս։

Դերերու այս տխուր փոխանակումը մեզի կը յիշեցնէ ծանօթ իրավիճակներ, երբ գահաժառանգ մը ձախորդութեան պատճառաւ զրկուի իր իրաւունքէն եւ հաւատարիմ ծառայ մը զինք փոխարինէ, եւ կամ բարձրաստիճան անձ մը իրեն վստահուած պաշտօնին մէջ թերանայ եւ ստորադաս յաջողակ պաշտօնեայ մը իր դիրքը գրաւէ, ահա թէ ինչու Տէրունական աղօթքի այս խնդրանքը ահազանգ մըն է եւ հրաւէր դառնալու մեր կոչումին։

Հետեւաբար, մենք որ ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերով ու նմանութեամբ, եւ վերստեղծուած Երկնային Գառնուկին սուրբ արիւնով, մեր կամքի առագաստները ուրախութեամբ լայն բանանք Սուրբ Հոգիի կենարար հովին, որ միշտ մեզ կ՚առաջնորդէ բարիին ու գեղեցիկին։ Մեր կարգին միանանք Աստուծոյ փառքը պատմող երկնային մարմիններու սէմֆօնիին, օրհներգելով Զինք մեր գործերով եւ առաքինութիւններով։

Անարժանաբար աստուածահաճոյ երանգով մը աւելցնելով այս աղօթքին, անձնական խնդրանք մը եւս աւելցնելով կ՛ըսեմ՝ «Քու կամքդ թող կատարուի ինչպէս երկնքի մէջ, երկրին վրայ եւ նաեւ իմ կեանքիս մէջ», քաջ հաւատալով որ օդ շնչելու նման կարիքը ունիմ Իր կամքին՝ առաջնորդելու համար հոգիս ու մարմինս իրենց բոլոր շարժումներով, ըստ կարելիութեան գէթ նօթ մը ըլլալու տիեզերական համանուագին մէջ։

Մեծ պահոց հոգենորոգ այս ճամբորդութեան մէջ, խարսխուելով մեր Երկնաւոր Հօր կամքին մէջ, հետեւելով այդ կամքին օրինակելի գործադրող՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին, Սուրբ Հոգիի Շնորհքով զօրացած աղօթենք Ներսէս Շնորհալի հայրապետին «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքի 12-րդ տունը եւ ըսենք. «Բարիք կամեցող, կամքերը կատարող Տէր, մի՛ թողուր որ ես իմ կամքիս համաձայն ընթանամ, այլ առաջնորդէ՛ զիս՝ որ միշտ քու բարեսէր կամքիդ համաձայն ապրիմ. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս»։