
News
Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ ՀԱՍՏԱՏԵՑ Ի ՆՊԱՍՏ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ

Երկուշաբթի, 2 Մարտին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը յայտարարեց «Մայր Եկեղեցի – Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան» հիմնադրամի հաստատումը ի նպաստ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի «Զարեհեան» Դպրեվանքին։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ այս հիմնադրամին հաստատումը կը զուգադիպի եկեղեցւոյ 110-ամեակի եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակի աւարտին։
Հիմնադրամը կոչուած է Մայր Եկեղեցւոյ անունով՝ Կաթողիկոսութեան եկեղեցական հովանաւորութեան տակ գտնուելու 70-ամեակին առիթով, միաժամանակ վերահաստատելով Դպրեվանքի դերը անոր հոգեւորական դասու կրթութեան մէջ։ Միաժամանակ, հիմնադրամը կը մեծարէ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեանը, ձեռնադրութեան 20-ամեակին եւ Մայր Եկեղեցւոյ 30-ամեայ հաւատարիմ ծառայութեան ի գնահատութիւն։ Տէր Հայրը նուիրումի անխզելի կապ մը հաստատած է Դպրեվանքին հետ, որուն շրջանաւարտը եղած է 1990-ին։ Հոգաբարձութիւնը նաեւ գնահատած է երէցկին Օժէն Լագիսեանի անսակարկ աջակցութիւնը Տէր Հօր հովուական ծառայութեան։
Հիմնադրամը մնայուն բնոյթ ունի՝ 100.000 տոլարի սկզբնական դրամագլուխով, որ տարուէ տարի յաւելումի պիտի ենթարկուի։ Հիմնադրամի տարեկան եկամուտը, այլ նուիրատուութիւններով, պիտի տրամադրուի Դպրեվանքի գործունէութեան։