
News
ՍԻՄՈՆ ՎԵՊԷՐ (մահ՝ 12 Մարտ, 1929)
Գերմանացի արեւելագէտ եւ հայագէտ Սիմոն Վեպէր լայն նպաստ բերած է հայ միջնադարեան գրականութեան եւ պատմութեան իր կարեւոր ուսումնասիրութիւններով, որոնց մէկ մասը լոյս տեսած է հայերէն թարգմանութեամբ
Վեպէր ծնած է Պոլինկէն (Գերմանիա), 1 Յունուար, 1866-ին։ 1887-ին աւարտած է Ֆրիպուրկի (Զուիցերիա) երկրորդական վարժարանը, իսկ 1891-ին՝ Ֆրիպուրկի համալսարանի աստուածաբանութեան ճիւղը։ Նոյն տարին քահանայ ձեռնադրուած է եւ փոխադրուած՝ Հռոմ, ուր շարունակած է իր ուսումը արեւելագիտութեան եւ հայագիտութեան մէջ։ Հայերէն սորված է Հռոմի եւ Վիեննայի մէջ։
1896 թուականին, Վեպէր սկսած է դասաւանդել Ֆրիպուրկի համալսարանը եւ հրատարակած՝ առաջին հայագիտական յօդուածը, որ յաջորդ տարին թարգմանաբար լոյս տեսած է Վիեննայի «Հանդէս ամսօրեայ»ի մէջ՝ «Սուրբ Գրոց յարգն ու արժէքը հին հայոց քով» խորագրով։ Արժէքաւոր են Վեպէրի ուսումնասիրութիւնները Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ աղանդոց» երկի, շարականներու, հայ մատենագրութեան պատմութեան, Կորիւնի, Եղիշէի, Մամբրէ Վերծանողի եւ ուրիշ մատենագիրներու գործերուն մասին։ Հրատարակած է «Արարատը Սուրբ Գրոց մէջ» (գերմաներէն՝ 1898, հայերէն՝ 1901) եւ «Կաթոլիկ եկեղեցին Հայաստանի մէջ» մենագրութիւնները (գերմաներէն՝ 1903)։ Վեպէր հայերէնէ գերմաներէն եւ լատիներէն թարգմանած է 2-րդ դարու եկեղեցւոյ հայրերէն Լիոնի եպիսկոպոս Իրենէոս Լուգդոնացիի «Ցոյցք առաքելական քարոզութեանն» հերետիկոսներու հերքման գործը, որ միայն հին հայկական թարգմանութեամբ հասած է մեզի։ Ան նաեւ գերմաներէնի թարգմանած է հատուածներ Գրիգոր Լուսաւորիչին վերագրուած «Յաճախապատում»էն եւ Կողբացիի «Եղծ աղանդոց»էն, ի միջի այլոց։
Մահացած է Ֆրիպուրկի մէջ, 12 Մարտ, 1929-ին։