
News
ԻՆՉ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԱՏՐԱՍՏԱԾ Է ԶԻՆՔ ՍԻՐՈՂՆԵՐՈՒՆ

Մեծ Պահոց քառասնօրեայ ինքնաքննութեան ու հոգեւոր նորոգման շրջանի աւարտին, Տէրունական աղօթքի բացատրութեան ամբողջացումով, օգտակար կը նկատեմ հակիրճ վերաքաղ մը ընել, թէ ի՞նչ սորվեցանք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի աստուածուսոյց աղօթքէն, վեր առնելով գլխաւոր կէտերը։
Առաջին՝ տիեզերքը որքան ալ անսահման եւ անհասկնալի է իր ամբողջութեան մէջ, սակայն ինչպէս երեխայ մը իր ծնողաց գրկին մէջ ապահով եւ ուրախ կը զգայ, նմանապէս մենք եւս մեր Տիրոջ եւ բնութենակից եղբօր Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ սորվեցանք, թէ առանձնաշնորհուած ենք ունենալու երկնաւոր Հայր, որուն հետ կրնանք հաղորդակցիլ աղօթքով եւ որուն մէջ կը վայելենք բոլոր բարիքները որոնք մեր գիտակցութիւնն ու երեւակայութիւնը կը գերազանցեն (Ա Կոր 2.9)։
Երկրորդ՝ որպէս երկնային մեր Սուրբ Հօր որդեգիր զաւակները, պարտինք մեր կոչումը միշտ արդարացնել մեր մտածումով, խօսքով ու գործով, վերաբերմունքով ու յարաբերութիւններով, եւ ըստ այնմ պատիւ եւ փառաբանութիւն առթել Անոր Սուրբ անունին։
Երրորդ՝ Աստուծոյ թագաւորութիւնը, որ գոյութիւն ունէր Ժամանակէն առաջ եւ որ կ՛անդրանցնի Ժամանակը, բաց է բոլոր անոնց առջեւ, որոնք սիրով եւ խոնարհութեամբ կ՛ընդունին այս անզուգական նուէրը։ Աստուծոյ ողորմութիւնը այնքան անհուն է, որ զայն կը տարածէ նոյնիսկ անոնց վրայ, որոնք ապերախտ են Իր նախախանամութեան հանդէպ եւ կը մերժեն զայն Ժամանակի սահմաններուն մէջ։ Սակայն Իր Միածինին Երկրորդ Գալուստէն ետք վերջնականապէս պիտի հաստատուի Իր թագաւորութիւնը, ուր բացարձակապէս Իր իշխանութիւնը պիտի տիրէ, եւ որուն քաղաքացիները պիտի ըլլան անոնք, որոնք հետեւած են Իրեն։ Ուստի, որպէս Իր դեսպանները, պարտինք Իր Բարի Լուրը տարածել ամողջ աշախարհին մէջ։
Չորրորդ՝ բարի եւ չար բոլոր բաներու առանցքը Աստուծոյ կամքին հնազանդիլն է կամ զայն մերժելը։ Ան մեզմէ կ՛ակնկալէ բան մը, որ մեր կարելիութեան սահմաններուն մեջն է եւ ո՛չ թէ մեր կարողութենէն վեր։ Առաջին մարդը՝ Ադամ, չհնազանդեցաւ եւ մոլորեցաւ, որուն հետեւանքով իր եւ մարդկութեան վրայ մահուան անէծքը բերաւ։ Իսկ երկրորդ Ադամը՝ Յիսուս Քրիստոս, որ կը մարմնացնէ աստուածային եւ մարդկային բնութիւնները, մահուան աստիճան հնազանդեցաւ, Իր մահով մահուան իշխանութիւնը կործանեց եւ դարձաւ մարդկութեան Փրկիչը։ Հերթը մե՛րն է ճիշդ ընտրութիւնը կատարելու։
Հինգերորդ՝ «Զհաց մեր հանապազորդ»ը, որ կը խորհրդանշէ ապահովութիւնը մեր ֆիզիքականի գոյապահպանման, կը վերաբերի նաեւ մեր հոգեւոր կեանքի կարիքներու գոհացումին, որ կը հայթայթէ մեր Տէրը եւ Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս։ Մինչ մեր առօրեայ հացին՝ ապրուստին համար այնքան տքնաջան կ՛աշխատինք, յաւերժական Կեանք ապահովող Կենդանի Հացը մեզի կը պարգեւուի ձրիաբար․կը բաւէ որ խնդրենք զայն, եւ կը ստանանք (Մտ 7․7)։ Ի՜նչ հրաշալի պարգեւ։
Վեցերորդ՝ մեր երկնաւոր Հօրմէ ներում խնդրել եւ մեր նմաններուն ներել, նման են զոյգ թիերու, որոնցմով մեր կեանքի նաւակը հեզասահ կերպով կ՛ընթանայ։ Ներում խնդրելով կը ձերբազատինք մեղքերու ծանրութենէն, որոնք կը սպառնան մեր կեանքի նաւակը ընկղմեցնել, իսկ ներելով մեր նմաններուն կ՛ազատինք ներքին փոթորկումներէ, որոնք նոյնքան աղէտ են մեր հոգիի առողջութեան։ Սուրբ Հոգիով զօրացած, մեր զոյգ թիերը գործածենք եւ ներենք մեր նմաններուն, որով նմանած կ՛ըլլանք մեր երկնաւոր Հօր, որ միշտ սիրով կը ներէ մեզի։
Հետեւաբար, միշտ աղօթենք։ Աստուած մեզի տրամադրած է այնպիսի ճաշացուցակ մը որ մեր սննդականոնը լրիւ հայթայթելով մեզ ի սպառ կը զօրացնէ, որպէս Աստուծոյ զաւակները, կեանքէն դէպի յաւիտենական կեանք մեր ճամբորդութիւնը աւարտելու եւ Իրմով տօնախմբելու յաւիտենական կատարեալ կեանքը, միշտ փառաբանելով Իր Սէրը, Զօրութիւնը եւ Արքայութիւնը;
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ