
News
ԽԱՉԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ

Աւագ Շաբաթը իր մէջ կը պարփակէ Քրիստոսի Խաչելութեան ցաւը եւ, ընդհանուր առմամբ, փոխաբերութիւն մըն է փոթորկոտ այն ծովերուն, զորս բոլորս կ՚անցնինք այս կեանքին մէջ մինչեւ անոր վերջն ու նոր սկիզբը յաւերժական ոլորտին մէջ ուր մահը տեղ չունի։ Վերջը միայն սկիզբ մըն է, մինչ մեր Տէրը կը բարձրանայ Յարութեան մէջ, որպէսզի կեանքը վերսկսի յաւերժօրէն։ Մեր Եկեղեցւոյ ամենասուրբ հայրերէն մէկը՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի, հաւատացեալներու սրտին մէջ Զատկուան տօնի առթած յուզումը եւ կեանքի, մահուան ու յարութեան իմաստը խտացուցած է «Նոր ծաղիկ» շարականին մէջ.
«Նոր ծաղիկ պայծառ ցուցաւ, այսօր ի նոր գերեզմանէն:
Երեւեալ լոյս յարութեան, աւետիս,
ի խաւարի ստուերաց մահու, աւետիս:
Յարեաւ Քրիստոս, աւետիս»: